Ատրպէյճանը Կ’աւելցնէ Արցախի Սահմաններու Լարուածութիւնը
ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ’ահազանգէ, որ Ատրպէյճանը հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկէ՝ լարելով իրավիճակը առաջնագծին: Զուգահեռ՝ ատրպէյճանական եւ ատրպէյճանամետ տեղեկատուական հարթակներուն յարձակումները աշխուժացած են՝ հրադադարի խախտումներու հարցով մեղադրանքներ ուղղելով հայկական կողմին: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ մեղադրանքները՝ միաժամանակ կը զգուշացնէ, որ լարուածութեան աճէն բխող բոլոր հետեւանքներու համար պատասխանատւութիւն պիտի կրէ Պաքուն:
Ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ տեղեկութիւն տարածած են, թէ հայկական ստորաբաժանումները շփման գիծի տարբեր ուղղութիւններով խախտած են հրադադարի պահպանման ռեժիմը՝ բացի տարատեսակ հրաձգային զինատեսակներէն կիրառելով նաեւ 60 մմ-ոց ականանետներ: Եւ այն պարագային, երբ օրեր առաջ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան շաբաթական ամփոփագրի մէջ տարածուած էր տեղեկութիւն, որ ատրպէյճանական կողմը կը կիրառէ ականանետներ: Տիգրան Աբրահամեանը այս իրավիճակը արդէն որպէս օրինաչափութիւն կը գնահատէ: «Որպէս կանոն, ատրպէյճանական կողմը խախտումներ կը կատարէ եւ անմիջապէս կը սկսի այդ նոյն ուղղութեամբ խախտումներ կատարելու մեղադրանքներ ներկայացնել Արցախի պաշտպանութեան բանակին: Սա կրկնուած է այնքան յաճախ, որ արդէն գրեթէ անսխալ կրնաք կանխագուշակել, թէ հերթական անգամ ինչ կեղծ տեղեկութիւններ տարածած է ատրպէյճանական կողմը»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեանը:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ոչ միայն կը հերքէ տարածուած այս ապատեղեկութիւնը, այլեւ կ’իրազեկէ, որ Յունիս 11-ի օրուայ ընթացքին եւ 12-ի գիշերը ատրպէյճանական կողմը հակամարտ զօրքերու շփման գիծի շարք մը հատուածներու մէջ գործողութեան մէջ դրած է ինչպէս տարբեր տրամաչափի հեռահար եւ դիպուկահար զինատեսակներ, այնպէս ալ ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետներ: Անկէ բացի առաջնագիծի ողջ երկայնքով կը նկատուի ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերու եւ ռազմական թռիչքուղիներու ուսումնական թռիչքներու աճ, որոնք յաճախ կը խախտեն սահմանուած թռիչքային գօտին: Այն, ինչ կը կատարուի առաջնագիծին, առանձին երեւոյթ չէ, այլ ամբողջական զարգացումներու տրամաբանական շղթայ, համոզուած է Տիգրան Աբրահամեանը: Ատրպէյճանը առաջնագիծին լարուածութեան աճը հետեւողականօրէն հասունցած է վերջին երկու-երեք շաբաթուայ ընթացքին: «Եթէ համեմատութեան մէջ դիտարկենք վերջին 5-6 ամսուան կտրուածքով, ապա աճը ակներեւ է: Իսկ վերջին 2-3 շաբաթուայ ընթացքին ոչ միայն խախտումներու դէպքեր աւելցած են, այլեւ կիրառուող զինատեսակները բազմազան դարձած են: Օրինակ, հրաձգային զէնքերէն բացի արդէն նաեւ բաւական կը կիրառեն դիպուկահար զէնքերը, աւելի քիչ քանակութեամբ նաեւ ականանետներ, նռնականետներ»,- կը թուարկէ Տիգրան Աբրահամեան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ատրպէյճանական օդուժի թռիչքները կը գտնուին ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու խիստ վերահսկողութեան տակ, իսկ դիրքապահ ստորաբաժանումները լիարժէքօրէն կը տիրապետեն առաջնային գիծին տիրող մարտավարական իրադրութեան: Արցախի նախագահի խորհրդականը ատիկա կը համարէ տարածաշրջանի մէջ կայունութիւն պահպանելու գործին մէջ հայկական կողմերու ներդրումը: Կը յիշեցնէ՝ նաեւ միջնորդները ընելիք ունին. «Լարուածութեան աճը ակներեւ է: Ակներեւ է նաեւ, որ Պաքուն պիտի փորձէ հնարաւորինս աւելցնել լարուածութիւնը, եթէ միջնորդները ժամանակին քայլեր չձեռնարկեն եւ չսաստեն զայն»:
Տարածուած յայտարարութեամբ՝ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ըրած է ատրպէյճանական կողմին ձեռնպահ մնալ իրավիճակը արհեստականօրէն սրելու սադրիչ գործողութիւններէն եւ անվերապահօրէն կատարել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ հրադադարի պահպանման շուրջ ձեքբերուած պայմանաւորուածութիւնը, ընդգծելով, որ հակառակ պարագային իրավիճակի սրման եւ անկէ բխող հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը կ’ինայ պաշտօնական Պաքուի վրայ:
Ստեփանակերտ