31 Մայիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կատարուեցաւ փակումը այս տարուան Մարեմեան ամսուան, որուն ընթացքին տեղի ունեցան հոգեւոր կրթութեան զանազան ձեռնարկներ` վարժարանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Փակման պատարագները տեղի ունեցան առանձնաբար` նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժնի աշակերտներուն մասնակցութեամբ: Ներկայ եղան տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, տեսչական եւ ուսուցչական կազմի անդամներ:
Պատարագող հոգեւորական հայրերը իրենց քարոզներուն մէջ բացատրեցին Վարդարանին իմաստը, մինչ աշակերտները ներկայացուցին դիտաւորութիւններ` վասն իրենց դպրոցին, ընտանիքներուն, հիւանդներուն ու կարօտեալներուն, ինչպէս նաեւ քահանայական կոչումներուն:
Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան իր քարոզին մէջ շեշտեց ժամանակին կարեւորութիւնը` մարդ արարածի կեանքին մէջ: Ան թելադրեց ժամանակը դիտարկել երկու տարբեր հարթութիւններու վրայ. Առաջին` այն, որ կը վերաբերի մեր սովորական կենցաղին եւ անոր վերաբերող գործերուն եւ երկրորդ` այն, որ կը վերաբերի հոգեւոր կրթութեան եւ հասունացման: Քահանայ հայրը թելադրեց զոյգ հարթութեանց վրայ արժանաւորապէս եւ պարտաճանաչօրէն օգտուիլ ժամանակէն, որ Աստուծոյ պարգեւն է մարդուն` ապրելու կեանքը Իր սիրոյն մէջ:
Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան Աստուածամօր բարեխօսութեամբ օրհնեցին աշակերտները եւ թելադրեցին մշտապէս աղօթել Վարդարանը, մարեմեան ջերմեռանդութեամբ լիցքաւորելու համար իրենց առօրեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական թափօրը:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի