ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Աշխարհի Լաւագոյն Ջութակահարները . . .
The Armenian Mirror-Spectator Անգլիատառ Շաբաթաթերթէն քաղեցի վերոյիշեալ տեղեկութիւնը, որ կ՛ուզեմ փոխանցել մեր ընթերցողներուն։ Փոխանցելէ առաջ սակայն, ուզեցի ուսամնասիրել այդ տեղեկութեան աղբիւրը եւ աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնել քուէարկութեան արդիւնքը։
Ուրեմն Ռէնքըր (Ranker) թուային լրատուութեան միջոցներու (digital media) ընկերութիւն մըն է որ հիմնուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 2009 թուականին։ Անոր հիմնադիրն ու վարիչ տնօրէնն է Գլարք Պէնսըն, որուն հսկողութեան տակ կը գործեն 65 պաշտօնեաներ։
Իսկ ի՞նչ է այդ ընկերութեան գործունէութեան դաշտը։ Անոնք հարցի մը շուրջ կը հաւաքեն անհատական քուէներ եւ զանոնք ի մի բերելով՝ կը ներկայացնեն հանրութեան, որպէս շահեկան ուսումնասիրութիւն։ Այդ ուսումնասիրութեանց առարկայ կը դառնան ուտելիքները, խմիչքները եւ արուեստագէտները՝ ի միջի այլոց։
Վերջերս, այդ ուսումնասիրութիւններէն մէկուն առարկայ դարձած է մեր ժամանակուան՝ աշխարհի լաւագոյն ջութակահարները։ Հետաքրքրական է եւ մեզի համար հպարտութիւն՝ որ աշխարհի լաւագոյն 30 ջութակահարներէն երեքը, հայեր են . . .
Իսկ ովքե՞ր են այդ երեք հայ ջութակահարները, որոնք մեզի պատիւ կը բերեն։ Անոնց անունները թուելէն առաջ, կ՛ուզեմ գիտնաք որ այդ ցանկը կը ներառէ հետեւեալ տիտանները։ Իսրայելացի Իցհաք Փըրլմանը, Հարաւային Քորիայէն Սարա Չանկը եւ Ամերիկացի Ճաշուայ Պէլն ու Հիլըրի Հանը՝։
Աշխարհահռչակ այդ երեք հայ ջութակահարներն են Սերգէյ Խաչատրյանը, Սամուէլ Երվինեանը եւ Արա Մալիքեանը։
Սեգէյ Խաչատրյանը ծնած է Երեւան, բայց 1993 թուականէն ի վեր կ՛ապրի Գերմանիա։ Ան իր առաջին ելոյթը ունեցած է 9 տարեկան հասակին։ 2000 թոաւականին, շահած է Սիպելիոսի անուան մրցանակը՝ Հելսինքիի մէջ, իսկ 2005 թուակաինին՝ շահած է Էլիզապէթ Թագուհիի անուան մրցանակը, Պրուքսէլի մէջ։
Սանուէլ Երվինեանը ծնած է Երեւան։ Ան իր երաժշտական ուսումը ստացած է նախ Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ, ապա Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցը եւ վերջապէս Կոմիտասի անուան Պետական Համալսարանին մէջ։ Ան աշխարհի տարածքին ելոյթ կ՛ունենայ Յոյն անուանի երգիչ Եաննիին հետ։
Արա Մալիքեանը ծնած է Պէյրութ եւ այժմ կ՛ապրի Սպանիա։ Ան իր երաժշտական ուսումը ստացած է նախ Գերմանիոյ Հէնովըր քաղաքը եւ ապա Լոնտոն։ Արան իր ելոյթներով հանդէս եկած է աւելի քան 40 երկիրներու մէջ։