Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Չորս Օր` Հայրենիքը Նորովի Բացայայտելու Համար Հայկազեան Համալսարանի Ուսանողները Հայրենիք-Սփիւռք Նոր Կամուրջներ Կը Կառուցեն

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախ ժամանեց Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի պատուիրակութիւնը: Յունիս 11-ին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեանը ընդունեց  Հայկազեանի «Heritage Club» ուսանողական ակումբի անդամները՝ համալսարանի ուսանողական գրասենեակի տնօրէն Ռազմիկ Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ: Մասիս Մայիլեանը գոհունակութիւն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ 2018 թուականին հաստատուած եւ արագ զարգացող համագործակցութեան համար։ Ան նշեշտեց փոխշահաւէտ համագործակցութեան պահպանման եւ յետագայ խորացման կարեւորութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Արցախի արտաքին գործերու նախարարը պատասխանեց ուսանողներու հարցերուն` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ համահայկական նշանակութեան հարցերը առաջ մղելու գործին մէջ՝ Սփիւռքի դերակատարութեան վերաբերեալ: Հայկազեան համալսարանի ուսանողները Արցախի արտաքին գործերու նախարարութեան գրադարանին նուիրեցին պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան վերաբերող գիրքեր:

Գիրքերու աւելի մեծ խմբաքանակ` շուրջ հազար կտոր, Հայկազեան համալսարանի պատուիրակները նուիրեցին Արցախի պետական համալսարանին:

Իսկ կրթութեան ոլորտին վերաբերող հարցերը քնարկուեցան Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ սփորթի նախարարութենէն ներս: Նախարար Նարինէ Աղաբալեան ընդունեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան  կրթական ոլորտին  առնչուող հարցեր, նախանշուեցան   այն  ուղղութիւնները, որոնց շուրջ   կրնան  համագործակցիլ:   2018 թուականի Նոյեմբերին   Արցախի մայր համալսարանի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրէն ետք ասիկա  անոնց առաջին  այցն է: «Արցախի հետ կամուրջներ հիմնել» խորագիրով  նախագիծը համախմբեց ոչ միայն համալսարանականները, այլեւ    Լիբանանահայ գաղութը, որ միշտ թիկունք կանգնած է Արցախին:    Արցախի  հետ   բարեկամութեան  կամուրջներ  հիմնելու առաջին ձեռնարկով         հաւաքագրուեցաւ  1000  միաւոր   գիրք: Անոնց  գերակշիռ մասը   նուիրաբերուեցաւ Արցախի պետական համալսարանին եւ մէկ այլ մասն ալ՝  արտաքին գործերու նախարարութեան: Կատարուածի եւ ընելիքներու մասին պատմեց Հայկազեան համալսարանի  ուսանողական  գրասենեակի ղեկավար Ռազմիկ  Գաբրիելեանը: Կրթութեան, գիտութեան եւ սփորթի նախարար Նարինէ Աղաբալեանը  կարեւորեց երկու համալսարաններու միջեւ կապերու ամրապնդումն ու փոխգործակցութիւնը:  Հանդիպման ընթացքին նախարարը    ներկայացուց    կրթական ոլորտին առնչուող շարք մը հարցեր, խօսեցաւ այն  ուղղութիւններու մասին, որոնք կրնան    համագործակցութեան հիմք հանդիսանալ: Նարինէ Աղաբալեան  առաջարկեց    կապեր հաստատել նաեւ արցախեան գիւղերու դպրոցներու հետ: Ամէն պարագայի, համագործակցութիւնը արդէն սկսած է  եւ առկայ են բոլոր հիմքերը` զայն ամրապնդելու համար:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին