Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Ուի Ուիլ Ռոք Եու – Քուին (We Will Rock You- Queen) (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի Մը Պատմութիւնը – 19 –

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ոտքի երկու հարուած եւ ծափ – չկայ այսօր մէկը, որուն ծանօթ չ’ըլլայ այս ռիթմն ու նախաբանը, եթէ ան նոյնիսկ Քուին խումբի սիրահար չէ։ Այս ռիթմով ու երգով կը սկսին այսօր գրեթէ բոլոր մարզական մրցաշարերը։ Հանդիսատեսը այդպէս կ’արտայայտէ իր համակարանքը  մարզիկին, կ’ոգեւորէ զայն եւ հոգեբանօրէն կը ճնշէ հակառակորդը։

Տեղին կ’ըլլայ յիշել երգի ստեղծման պատմութիւնը։

1977 թուականին խումբը համերգով ելոյթ կ’ունենար Սթաֆորտի «Պինկլի Հոլ»-ի մէջ։ Ելոյթը աւարտելով երաժիշտները գացին ետնաբեմ։ Հանդիսատեսը, ինչպէս միշտ դարձեալ կը պահանջէր զիրենք՝ եւս մէկ կամ մի քանի լրացուցիչ ելոյթ ունենալու համար, ի դէպ անիկա կ’ընէր ոչ թէ ծափերով, կամ բացականչութիւններով, այլ երգելով You’ll Never Walk Alone երգը, որ ըստ աւանդոյթի խումբի սիրահարները կ’երգէին ֆութպոլի  մարզադաշտերուն մէջ։ Քուին խումբի անդամները շատ զգացուած էին  այս հանգամանքէն, եւ խումբի անդամ Պրայն Մէյը որոշեց գրել երգ մը, զոր կատարելու ժամանակ   երաժիշտներուն  կրնար միանալ  համերգի հանդիսատեսը։  Յաջորդ առաւօտեան ան ստեղծեց  այդ հանրայայտ հարուածներով ռիթմը, իսկ քիչ անց՝ երգը։ Հետաքրքրական է, որ նոյն օրուայ նախօրէին Ֆրետի Մերքիւրին գրած էր We Are The Champions երգը։  Անոնք գրեթէ բոլոր համերգներու ժամանակ կ’երգէին We Are The Champions եւ We Will Rock You երգերը իրարու ետեւէ։ Նոյն  կերպ երգերը իրարու յաջորդեցին News  Of  The World ալպոմի մէջ։ Այս սկզբունքը, պարզ չէ թէ ինչու,  որդեգրեցին նաեւ ձայնասփիւռներու կայանները եւ այդ մէկը վերածուեցաւ աւանդոյթի։   Այս երկու երգերու ճակատիգրը եղաւ հնչել միշտ միասին, յաջորդելով իրարու։

            Երգի նախնական տարբերակին մէջ անիկա կը կատարուէր առանց երաժշտական ուղեկցութեան, բացառութեամբ ՝  վերջաբանի մէջ կիթառի մենանուագի։ Ֆրետին կ’երգէր ոտքի երկու հարուածի ու ծափի ուղեկցութեամբ։ Երգը ձայնագրուեցաւ Լոնտոնի չգործող եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, ուր երաժիշտները ոտքով կը հարուածէին բազմաթիւ թափթփուած տախտակներու եւ ձայն կը ստանային։ Ձայնագրելէն ետք ձայնային ուղիները իրար միացուեցան քիչ մը անհամաչափ, որուն միջոցով ստեղծուեցաւ տպաւորութիւն, որ ձայնագրութեան կ’ուղեկցի հսկայ բազմութիւն մը։ Այս հնարքով անոնք կրցան ստանալ այն ազդեցութիւնը, զոր կ’ուզէին հաղորդել երգի հնչողութեան։ Համերգներու ժամանակ այս ռիթմիկ պատկերը կը սկսէր նուագել խումբի հարուածային գործիքներու կատարող Ռոճըր Թէյլըրը, որուն մի քանի հարուածէն ետք կը միանար դահլիճի ողջ հանդիսատեսը։ Երգը ունէր նաեւ արագ կատարուող տարբերակ, որ չմտաւ խումբի ալպոմներէն որեւէ մէկուն մէջ, սակայն յաճախ կը հնչէր կենդանի համերգներու ժամանակ։

            Յետագային երգը վերաերգուեցաւ բազմաթիւ անգամ,  տարբեր երաժիշտներու կողմէ, որոնցմէ ամենայաջողը եղաւ Five  խումբի կատարումը։

            We Will Rock You երգը  ընդգրկուեցաւ Ռոլինկ Սթոուն ամսագրի 500 մեծագոյն երգերու շարքին,  ինչպէս նաեւ Կրեմմի մրցանակաբաշխութեան  «Պատուոյ սրահի մէջ»։

 

            Երգի պատուին անուանուեցաւ Քուին խումբի ստեղծագործական գործունէութեան հիման վրայ գրուած միւզիքլը։ Երգի հեղինակ Պրայն Մէյի կարծիքով՝ հակառակ անոր, որ երգը գրուած էր հանդիսատեսը զբաղեցնելու համար, այնուամենայնիւ  անլուրջ փոփ երգ չէ։ Անոր մեկնաբանութեամբ երգը լուրջ իմաստ կը կրէ եւ անիկա կ’արտացոլուի երգի խօսքերուն մէջ։

            2004 թուականին երգը հնչեց Փեփսիի գովազդի մէջ, ուր նկարահանուած էին Պրայն Մէյը, Ռոճըր Թէյլըրը, Պէյոնսէն, Փինքը եւ Պրիթնի Սթիրսը։

            Ինչ խօսք, կարիք չկայ կրկին նշել երգի յայտնիութեան եւ հանրայայտ դառնալու մասին։ Անիկա այսօր կը հնչէ գրեթէ բոլոր մարզական մրցաշարերու, ֆութպոլի առաջնութիւններու ժամանակ։ Եւ, բնականաբար, քանի դեռ երգը կ’երգեն, ուրեմն անիկա անմահ է, իսկ այս պարագային, անիկա պիտի շարունակէ անմահ մնալ դեռ շատ երկար տարիներ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին