Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Դպրաց Դասերու Ժամերգութիւն Եւ Վկայագիրներու Յանձնում (լուսանկարներ)

Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի միջ-դպրաց դասի յանձնախումբին, ժամարարութեամբ դպրաց դասի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանի, յատուկ ժամերգութիւն կատարուեցաւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Հայ առաքելական եկեղեցիներու մէջ ծառայող սարկաւագներ, դպիրներ եւ դպրուհիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ երգեցողութեամբ եւ ծիսակատարութեամբ: 

Ժամերգութեան աւարտին, ներկաները եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ, սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրեցին եւ աւանդական պատշաճ խաղերով հաճելի ժամեր անցուցին: Հաւաքի սկզբանաւորութեան Տ. Ղեւոնդ քհն. Լոշխաճեան խօսեցաւ հաւաքական զօրութեան մասին, եւ նշեց, թէ սէրը հիմնական գրաւականն է նուիրումին եւ ծառայութեան։ Քահանայ հայրը մեծապէս գնահատեց դպիրներուն ունեցած անշահախնդիր վերաբերմունքը եւ ծառայողական մօտեցումը՝ ի սպաս եկեղեցւոյ պայծառացման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր արժէքներու տարածման։ Այս առիթով, Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի անունով վկայագիրներ բաժնուեցան բոլոր այն սարկաւագներուն եւ դպիրներուն, որոնք ձեռնադրուած են, սակայն օրին վկայագիր չեն ստացած:

Սրբազան հօր հայրական խնամքը եւ հոգատարութիւնը վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին, խթան հանդիսացաւ դպրաց դասերու զարգացման եւ բարելաւման գործընթացին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին