Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ CONIFA-ի Եւրոպայի 2019 թուականի մրցաշարը: Յունիս 1-ին կայացած է մրցաշարի պաշտօնական բացումը։
Տարիներ ի վեր Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտը այսքան հանդիսատես չէր ընդունած: Անկախ ֆութպոլային ընկերակցութիւններու լիկայի համաձայն, Եւրոպայի առաջնութեան բացման ներկայ գտնուած է շուրջ 15 հազար հանդիսատես: Շատերը առաջնութեան մեկնարկի պաշտօնական արարողութեան ու անոր նուիրուած համերգին հետեւած են մարզադաշտի շրջակայ լանջերէն: ConiFA-ի երրորդ անգամ տեղի ունեցող Եւրոպայի առաջնութեան ընթացքին ուժերը կը չափեն 8 հաւաքական՝ Աբխազիայի, Արեւմտեան Հայաստանի, Հարաւային Օսիայի, Պանադանիայի, Չամերիայի, Սակէյի Լանտի, Սապմիի եւ, բնականաբար, Արցախի: Ընդհանուր առմամբ՝ շուրջ 200 մարզիկ: Նշանաբանը արդէն ծանօթ է բոլորին՝ Բաց դռներ, ամուր դարպաս: Իրենց խումբերը քաջալերելու համար Արցախ ժամանած են նաեւ Հարաւային Օսիայի նախագահն ու Աբխազիայի արտաքին գործերու նախարարը: Պայքարը հետաքրքրական պիտի ըլլայ, մանաւանդ, որ այս խումբերէն շատեր ուժերը իրարու հետ չափած են նաեւ նախորդ մրցաշարերու ընթացքին: «Սփորդը չի ճանչնար սահմաններ եւ սահմանափակումներ, խտրականութիւն եւ երկակի օրինաչափութիւններ: Անիկա խաղաղութեան խորհրդանիշ է, ուր պայքարը արդար է, եւ կը յաղթէ ան, ով աւելի լաւ պատրաստուած է…Ես յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ, եւ թող յաղթէ լաւագոյնը»,- բացման արարողութեան ժամանակ իր խօսքի մէջ ընդգծած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:
«Այսօր Եւրոպայի մայրաքաղաքը Ստեփանակերտն է: ConiFA-ի ուղենիշ սկզբունքներէն է ֆութպոլ խաղալու ազատութիւնը, անիկա հարթակ է, որ իւրայատուկ պատուհան կը բանայ դէպի մեծ աշխարհ»,- առաջնութեան մեկնարկին ընդգծած է CONIFA-ի նախագահ Փեր-Անտրես Պլինտը:
Պաքուի մէջ անտարբեր չեն գտնուած: ConiFA-ի պատասխանատուները բոլոր փակագիծերը չեն բանար, բայց կ’ակնարկեն՝ սպառնալիքներ ստացած են, ճնշումներու փորձեր ալ եղած են: «Անոնք փորձած են խոչընդոտներ ստեղծել: Կապուած են մեզի եւ մասնակից խումբերուն հետ: Խնդրած են առաջնութիւնը չեղեալ յայտարարել: Պեռլինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը շատ գործունեայ էր: Բայց անոնց ջանքերը ի զուր անցան»,- ըսաւ CONIFA-ի գլխաւոր քարտուղար Սաշա Դիւրկոպը:
Առաջին անգամ ըլլալով՝ ConiFA-ի առաջնութեան խաղերը կ’իրականացուին զուգահեռաբար չորս մարզադաշտերու մէջ, ուր խաղերուն կը հետեւին 13-14 հազար հանդիսատես: Իսկական ֆութպոլային տօն կը սպասուի:
Տօնի մեկնարկը ազդարարուած է Ստեփանակերտէն ՝ համերգային ծրագիրով: Հայկական երաժշտարուեստը ներկայացած է իր ողջ ներկապնակով՝ դասականէն եւ աւանդականէն մինչեւ ժամանակակիցը: Հայկական երկու հանրապետութիւններէն ճանչցուած երգիչ երգչուհիներու հետ համերգին մասակցած են նաեւ սպանացի կատարողներ:
Ֆութպոլային տօնը Արցախի մէջ կը շարունակուի մօտ 10 օր: Խաղերը կ’ընթանան Ստեփանակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի մարզադաշտերուն մէջ, որոնք, առաջութեան ընդառաջ, բարեկարգուած, համալրուած են՝ միջազգային չափանիշնրուն համապատասխան:
Առաջին խաղաշրջանի հանդիպումները սկսած են Յունիս 2-ին։ Ասկերանի մարզադաշտի մէջ Աբխազիա-Չամերիա հանդիպումը աւարտած է 3-1 հաշուով: Մարտակերտի մարզադաշտին մէջ ուժերը չափած են Պադանիա-Սեկէյի Լանտ խումբերը: Յաջողութեան հասած է ներկայիս ախոյեան Պադանիան՝ 4-0 հաշուով: Մարտունիի մարզադաշտի մէջ մրցապայքար ծաւալած է Արեւմտեան Հայաստան-Հարաւային Օսիա խումբերու միջեւ եւ աւարտած է 1-2 հաշուով: Հարաւային Օսիայի Մրցութային առաջին օրուայ հանդիպումները աւարտած են Ստեփանակերտի մարզադաշտին մէջ կայացած Արցախ-Սապմի խաղով, որ աւարտած է տանտերերու յաղթանակով՝ 3-2:
Խմբային փուլը աւարտին հասաւ Յունիս 4-ին: 2 օր անց տեղի ունեցան կիսաեզրափակիչի խաղերը։ Եզրափակիչ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Յունիս 9-ին։
Ֆութպոլային խաղերուն հետեւելու հնարաւորութիւն ունի աւելի քան 370 միլիոն մարդ: Խաղերը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած է աւելի քան 100 լրատուամիջոց:
Ստեփանակերտ