Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Պետական, Հոգեւոր, Ազգային Դէմքերու Ներկայութեամբ ՝ ՀԵԸ Անդրանիկի Ընտանիքը Կատարեց Նոր Մարզադաշտին Բացումը (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Լիբանանի ընկերային, տնտեսական անորոշ պայմաններուն մէջ, մարզական – երիտասարդական կեդրոնավայր ստեղծելու  որեւէ նախաձեռնութիւն, լաւատեսութեան համոզում մըն է անոր ապագային:

 

Այս  համոզումով,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  ընտանիքը  Շաբաթ, 25  Մայիս  2019-ի յետմիջօրէին, ի  ներկայութիւն, Լիբանանի թեմի  բարեջան  առաջնորդ  Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի,  Արհիապատիւ Տէր Գէորգ  եպս. Ասատուրեանի՝ Օգնական Եպիսկոպոս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վերապատուելի  Ռաֆֆի Մսըրլեանի, Լիբանանի մէջ  Հայաստանի հանրապետութեան  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան եւ  դեսպանատան  դիւանագիտական անձնակազմի անդամներուն, ընկերային հարցերու նախարար, տոքթ. Ռիշար Գույումճեանի, պետական  երեսփոխաններ  Ժան  Թալուզեանի, Յակոբ Բագրատունիի, Ժորժ Ռայէսի, Յակոբ Թերզեանի, նախկին  նախարարներ Ժան Օղասապեանի,Վրէժ Սապունճեանի, Շահէ Պարսումեանի, մարմնամարզութեան եւ  երիտասարդական հարցերու նախարարութեան ընդհանուր պատասխանատու  Մուհամմէտ Աուէյտէթի, Լիբանանի Ողիպիական  Կոմիտէի ներկայացուցիչ, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  Շրջանակային  Յանձնաժողովի ատենապետ  Ժերար Թիւֆէնքճեանի եւ  անդամներուն, ազգային բարերարներ՝   Սարգիս  Տեմիրճեանի, Արթիւր  Նազարեանի, Երջօ  Սամուէլեանի, Նար Խաչատուրեանի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներուն, Մոն Լա Սալ Ակումբի ատենապետ  Ճիհէտ Սելեմէի, Լիբանանի Թեքուանտոյի  ֆետերասիոնի նախագահ տոքթ Զարիֆէի,  Մինի ֆութպոլի  ֆետերասիոնի նախագահ Ահմէտ Տանաշի,  Լիբանանի  փինկ փոնկի  ֆետերասիոնի նախագահ եւ  Ողիպիական կոմիտէի անդամ Սելիմ էլ Հաժի, թենիսի  ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար  Ալէն Սայէղի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի  վարչութեան անդամներու, Ֆուատ  Շեհապ  մարզական համալիրի ընդհանուր տնօրէն  Ֆուատ Սալիպայի,  Սքութ  տիւ Լիպանի նախագահ Ժան Ապու Սուէտի  եւ  կոմիտէի տնօրէն  Ժիլպեռ Մեսիհի, Էքլերէոզ  տիւ Լիպանի նախագահուհի Զէյնա Քֆուրիի եւ   Քոմիսէր ժեներալ Լենա  Իւրնեշլեան- Գարակէօզեանի, Մեթնի   քաղաքապետարաններու  միութեան նախագահ Միռնա Մըրի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ  Մարտիկ  Պօղոսեանի, Անթիլիասի  քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէի, պետական, քաղաքական,ազգային, հոգեւոր, ապահովական դէմքերու, հայ  քաղաքական կուսակցութիւններու,  կրթական, բարեսիրական,  մարզական կազմակերպութիւններու, մամլոյ եւ լսատեսողական  միջոցներու ներկայացուցիչներուն, ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններու, միութենականներու  համակիրներու, տեղի ունեցաւ  ՀԵԸ-ի  նոր մարզադաշտին   պաշտօնական  բացումը:

 Երկու   հազարէ աւելի   բազմութեան  մը   ներկայութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ»  փողերախումբը  մուտք  գործեց  մարզադաշտ: Անոր  հետեւեցան   ՀԵԸ Անդրանիկ  սկաուտական  շարժումներու  երէցները, բարձրացուցած  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  դրօշները:

Երէցներուն հետեւեցան  ՀԵԸ-ի  սկաուտական շարժումներու  քառավելները,  սկաուտները, արենուշները,  գայլիկները, արծուիկներ եւ թիթեռները: Այս միջոցին,  հաղորդավարներ՝ օրդ. Արաքսի Կեպենլեան (հայերէն) եւ Ուատիհ Ապտէլ Նուր  (արաբերէն), ամփոփ  տեղեկութիւններ  կը հաղորդէին, մարզադաշտ  մուտք  գործող միաւորներուն  իրագործումներուն  մասին:

Հերթաբար   դաշտ մուտք  գործեցին ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտները, ՀԵԸ-ի  «Արին» պարախումբի,  ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ Մշակութային  Միութեան,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի, ՀԵԸ-ի  Կրտսերաց, Համալսարանական, Երիտասարդական  շարժումներու,  ՀԵԸ  Զահլէի, ՀԵԸ-ի  մարզական միաւորներու՝ թեքուանտոյի, մարմնամարզութեան, փինկ փոնկի, թենիսի, ճատրակի, ֆութպոլի, ֆութպոլի դպրոցի, Մինի Ֆութպոլի, պասքեթպոլի   տարիքային դպրոցի, ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութի, Սին  էլ ֆիլի աղջկանց, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի, Սին էլ ֆիլի, Անթիլիասի, Զահլէի, ՀԵԸ Անդրանիկ  պասքեթպոլի վեթերանները ներկայացնող  կազմերը:

 Մարզադաշտը  լեցուեցաւ  1200-է  աւելի  ՀԵԸ-ի   ընտանիքը ներկայացնող  մարզական, մշակութային,  կրթական, սկաուտական, երիտասարդական կառոյցներու    անդամ-անդամուհիներով:

 Հպարտութիւն   ներշնչող այս  մթնոլորտին մէջ  ՀԵԸ-ի  «Անդրանիկ»  փողերախումբը   հնչեցուց  Լիբանանի, Հայաստանի,  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգները:

 

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ  Վիգէն Չերչեան արաբերէնով  փոխանցեց   օրուան խօսքը: Ան յայտնեց, թէ  88-ամեայ  ՀԵԸ Անդրանիկը ամուր հիմքերու վրայ կանգնած կը դիմաւորէ ապագան, վկայ՝   մարզադաշտին վրայ  տեղ գրաւած   հազար  երկու  հարիւրէ աւելէ  պատանիները, նորակառոյց մարզադաշտը.« … 88  տարի, աշխատանք եւ  ծառայութիւն   եւ  կը գոյատեւենք, տարբեր բնագաւառներու մէջ արձանագրելով  փայլուն արդիւնքներ,  շնորհիւ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  հոգատարութեան տակ գործող  հինգ մասնաճիւղերուն, 32  վարչութիւններուն  եւ 300 վարչական անդամ-անդամուհիներուն: Ահաւասիկ  մեր կազմակերպ գոյութեան  մղիչ ուժը,  կորիզը:

Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը  88 տարեկան…. բայց մի’շտ նոր:  Անցեալ, բայց միշտ ներկայ: Մանաւանդ ապագա’յ: Հայ  Երիտասարդաց  Ընկերակցութիւնը  մնաց հաւատարիմ իր արմատներուն,  իր ձգտումներուն:  ՀԵԸ-ը մնաց հաւատարիմ զինք  ծնող Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան». Ըսաւ ան:

Այս առիթով,   ՀԵԸ-ի ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային  Յանձնաժողովի անդամներուն եւ ատենապետ  տիար  Ժերար Թիւֆէնքճեանին, որուն նիւթական եւ բարոյական մնայուն  զօրակցութեան շնորհիւ  կ’իրագործուին  ՀԵԸ-ի բոլոր  ծրագիրները:

Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց, Մեթնի շրջանի քաղաքապետարանի անդամներուն եւ անոր  նախագահ  Միրնա Մըրին,   Անթիլիաս – Նաքքաշի   շրջանի    քաղաքապետ  Էլի Ապու Ժաուտէին, որոնք  մեծապէս դիւրացուցին  եւ  քաջալերեցին  մարզադաշտին  շինարարութեան   աշխատանքները: Շնորհակալութիւն՝ տիարք՝  Սարգիս եւ Աւետիս Տեմիրճեաններուն,  Արթիւր Նազարեանին,  Երջօ Սամուէլեանին, Նար Խաչատուրեանին եւ  ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան բոլոր անդամներուն,  առանց  անոնց   զօրակցութեան եւ  նեցուկին  անկարելի պիտի   ըլլար իրականացնել  մարզադաշտին շինարարութիւնը: Շնորհակալութիւն  տիար  Վաչէ  Մելքոնեանին, որ սիրայօժարօրէն եւ բծախնդրօրէն  հետապնդեց  մարզադաշտը  կեանքի կոչելու աշխատանքները եւ  վերջապէս   շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց լուման բերին, որպէսզի իրականանայ մարզադաշտին  ծրագիրը: 

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արա Տաքեսեան  միութեան խօսքը  փոխանցեց հայերէնով: Ան  ըսաւ.« Առաքեալներ եղան  այն բոլոր  ՀԵԸ-ականները, որոնք  ահաւոր   ջարդէն  ճողոպրած  մեր ժողովուրդի զաւակներուն  ծով զոհողութեամբ, գիրք ու խնամք  հասցուցին՝ մեր  գաղութներու կազմութեան աշխատանքներուն:    

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզադաշտին բացումը  համազգային  յարգանքի  արտայայտութեան առիթ մըն է բոլոր անոնց,  որոնք գործեցին՝  բայց  չմոռցուեցան եւ  իրենց  գործով մնացին մեր  հաւաքական յիշողութեան մէջ:

 ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզադաշտին բացումը  յարգանքի  կողքին  մեր ամբողջական ու անսակարկ աջակցութիւնը   ընծայելու առիթ մըն է  ՀԵԸ-ի  բոլոր  մասնաճիւղերուն, բոլոր անոնց, որոնք 88 տարի պատնէշի վրայ կանգնած, տարբեր  պայմաններու մէջ, բայց նոյն  հաւատքով, նուիրումով եւ տեսլականով  կը  շարունակեն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան առաքելութիւնը» ըսաւ ան:

Իր խօսքի  աւարտին, ան  շնորհակալութիւն  յայտնեց, բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին  մարզադաշտի  աշխատանքներուն:

Տողանցքին  մասնակիցները   վերադարձան իրենց   յատկացուած տեղերը:   Մարզադաշտը  դարձեալ  «գրաւեց»  ՀԵԸ-ի  «Անդրանիկ»  փողերախումը   հնչեցնելով երեք  կտոր: 

Մեծ պաստառի վրայ  ցուցադրուեցաւ  ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը ամփոփող  տեսարիզ մը:

Մարզադաշտի բացման  առիթով գործադրուեցաւ  գեղարուեստական յայտագիր՝  ուր  ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ ֆութպոլի աքատեմիի մարզիկները (աքատեմիի  մարզիչ՝  Վաչէ Պուլտուքեան, գլխաւոր մարզիչ  Ժորժ Ապտօ), ՀԵԸ-ի մարմնամարզութեան  դպրոցի  հեզաճկուն սանուհիները Գեղարուեստական ղեկավար Օլկա Շեքլէվիա Հատետ), ՀԵԸ  Անդրանիկի թեքուանտոյի զոյգ դպրոցներուն (գլխաւոր մարզիչ,  մեսթըր Քոզէթ  Պասպուսի, վերահսկողութեամբ կրենտ մեսթըր Պասեմ Աատի),  ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու սաները (գեղարուեստական  ղեկավար  Նայիրի  Հայրապետեան-Սույէտի), կատարեցին ցուցադրութիւններ, արժանանալով  ներկաներուն  գնահատանքին, միաժամանակ քաղելով  մասնագէտներու  հսկողութեան  եւ  հետեւողական աշխատանքին  պտուղները:

    Գեղարուեստական  յայտագիրը  փակուեցաւ  լիբանանահայութեան պարծանք  ՀԵԸ-ի « Արին» պարախումբին պարային  դրուագներով (պարադրող՝ Գայիանէ  Մածունեան, պարուսոյց Անի Կոստանեան): 

  ՀԵԸ-ի մարզադաշտին  բացման հանդիսութեան  փակումը կատարուեցաւ   դէպի երկինք արձակելով կարմիր-կապոյտ  փուչիկներ:

Վարձքը կատար  մարզադաշտի  բացման  իրենց լուման բերած բոլոր անհատներուն, միութենականներուն:

 

ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին