ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հրաւէրով, Արցախ այցելած էր ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամ՝ մեծարգոյ ընկեր Յակոբ Նազարեանը:
Այցելութեան առաջին օրը, յարգարժան ընկերը, շինարարական փոքրիկ դասախօսութիւն կարդաց Շուշիի Արհեստագիտական համալսարանի շինարարական բաժնի խումբ մը ուսանողներուն, պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Ուսանողներու խանդավառութեան ի տես, Ընկ. Նազարեանը խոստացաւ յաճախակի դարձնել նման արդիւնաւէտ հանդիպումները:
Յաջորդ օրը Ընկ. Յակոբ Նազարեանը Արցախի ՌԱԿ գրասենեակէն ներս հանդիում ունեցաւ խումբ մը կուսակցական երիտասարդներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ճանաչման ու զարգացման վերաբերող, ինչպէս նաեւ շարք մը ծրագիրներ, միտուած՝ կուսակցութեան շարքերը երիտասարդներով համալրելու եւ Արցախի ու սփիւռքի երիտասարդութեան կապը ամրապնդելուն:
Ընկ. Յակոբ Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ատենապետ Ընկ. Բարդուղ Գալստեանին, ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց, խոստանալով իր աջակցութիւնը բերել յատկապէս Արցախի երիտասարդութեան զարգացման ծրագիրներուն։