ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Լիբանանի ընկերային, տնտեսական անորոշ պայմաններուն մէջ, մարզական-երիտասարդական կեդրոնավայր ստեղծելու որեւէ նախաձեռնութիւն, լաւատեսութեան համոզում մըն է անոր ապագային նկատմամբ:
Այս համոզումով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը Շաբաթ, 25 Մայիս 2019-ի յետմիջօրէին, ներկայութեամբ պետական, քաղաքական, ազգային, հոգեւոր, ապահովական դէմքերու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, կրթական, բարեսիրական, մարզական կազմակերպութիւններու, մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներուն, ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններու, միութենականներու համակիրներու, տեղի ունեցաւ ՀԵԸ-ի նոր մարզադաշտին պաշտօնական բացումը:
Երկու հազարէ աւելի բազմութեան մը ներկայութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը մուտք գործեց մարզադաշտ: Անոր հետեւեցան ՀԵԸ Անդրանիկ սկաուտական շարժումներու երէցները, բարձրացուցած ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշները:
Երէցներուն հետեւեցան ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումներու քառավելները, սկաուտները, արենուշները, գայլիկները, արծուիկներ եւ թիթեռները: Այս միջոցին, հաղորդավարներ՝ Օրդ. Արաքսի Կեպենլեան (հայերէն) եւ Ուատիհ Ապտէլ Նուր (արաբերէն), ամփոփ տեղեկութիւններ կը հաղորդէին, մարզադաշտ մուտք գործող միաւորներուն իրագործումներուն մասին:
Հերթաբար դաշտ մուտք գործեցին ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտները, ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի, ՀԵԸ-ի Անդրանիկ մշակութային միութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի, ՀԵԸ-ի Կրտսերաց, Համալսարանական, Երիտասարդական շարժումներու, ՀԵԸ Զահլէի, ՀԵԸ-ի մարզական միաւորներու՝ թեքուանտոյի, մարմնամարզութեան, փինկ փոնկի, թենիսի, ճատրակի, ֆութպոլի, ֆութպոլի դպրոցի, Մինի ֆութպոլի, պասքեթպոլի տարիքային դպրոցի, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի, Սին էլ Ֆիլի աղջկանց, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի, Սին էլ ֆիլի, Անթիլիասի, Զահլէի, ՀԵԸ Անդրանիկ պասքեթպոլի վեթերանները ներկայացնող կազմերը:
Մարզադաշտը լեցուեցաւ 1200-է աւելի ՀԵԸ-ի ընտանիքը ներկայացնող մարզական, մշակութային, կրթական, սկաուտական, երիտասարդական կառոյցներու անդամ-անդամուհիներով:
Հպարտութիւն ներշնչող այս մթնոլորտին մէջ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգները:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան արաբերէնով փոխանցեց օրուան խօսքը: Ան յայտնեց, թէ 88-ամեայ ՀԵԸ Անդրանիկը ամուր հիմքերու վրայ կանգնած կը դիմաւորէ ապագան, վկայ՝ մարզադաշտին վրայ տեղ գրաւած հազար երկու հարիւրէ աւելէ պատանիները, նորակառոյց մարզադաշտը. «…88 տարի, աշխատանք եւ ծառայութիւն եւ կը գոյատեւենք, տարբեր բնագաւառներու մէջ արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ, շնորհիւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան տակ գործող հինգ մասնաճիւղերուն, 32 վարչութիւններուն եւ 300 վարչական անդամ-անդամուհիներուն: Ահաւասիկ մեր կազմակերպ գոյութեան մղիչ ուժը, կորիզը:
Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը 88 տարեկան…. բայց մի՛շտ նոր: Անցեալ, բայց միշտ ներկայ: Մանաւանդ ապագա՛յ: Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը մնաց հաւատարիմ իր արմատներուն, իր ձգտումներուն: ՀԵԸ-ը մնաց հաւատարիմ զինք ծնող Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան», ըսաւ ան:
Այս առիթով, ՀԵԸ-ի ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամներուն եւ ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանին, որուն նիւթական եւ բարոյական մնայուն զօրակցութեան շնորհիւ կ՚իրագործուին ՀԵԸ-ի բոլոր ծրագիրները:
Ան շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց լուման բերին, որպէսզի իրականանայ մարզադաշտին ծրագիրը:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Տագէսեան միութեան խօսքը փոխանցեց հայերէնով: Ան ըսաւ. «Առաքեալներ եղան այն բոլոր ՀԵԸ-ականները, որոնք ահաւոր ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծով զոհողութեամբ, գիրք ու խնամք հասցուցին՝ մեր գաղութներու կազմութեան աշխատանքներուն:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզադաշտին բացումը համազգային յարգանքի արտայայտութեան առիթ մըն է բոլոր անոնց, որոնք գործեցին՝ բայց չմոռցուեցան եւ իրենց գործով մնացին մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզադաշտին բացումը յարգանքի կողքին մեր ամբողջական ու անսակարկ աջակցութիւնը ընծայելու առիթ մըն է ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն, բոլոր անոնց, որոնք 88 տարի պատնէշի վրայ կանգնած, տարբեր պայմաններու մէջ, բայց նոյն հաւատքով, նուիրումով եւ տեսլականով կը շարունակեն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան առաքելութիւնը» ըսաւ ան:
Տողանցքին մասնակիցները վերադարձան իրենց յատկացուած տեղերը: Մարզադաշտը դարձեալ «գրաւեց» ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումը հնչեցնելով երեք կտոր: Մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը ամփոփող տեսերիզ մը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ ուր ՀԵԸ-ի Անդրանիկ ֆութպոլի աքատեմիի մարզիկները (աքատեմիի մարզիչ՝ Վաչէ Պուլտուքեան, գլխաւոր մարզիչ՝ Ժորժ Ապտօ), ՀԵԸ-ի մարմնամարզութեան դպրոցի հեզաճկուն սանուհիները (գեղարուեստական ղեկավար Օլկա Շեքլէվիա Հատետ), ՀԵԸ Անդրանիկի թեքուանտոյի զոյգ դպրոցներուն (գլխաւոր մարզիչ, մասթըր Քոզէթ Պասպուսի, վերահսկողութեամբ կրենտ մասթըր Պասեմ Աատի), ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու սաները (գեղարուեստական ղեկավար Նայիրի Հայրապետեան-Սույէտի), կատարեցին ցուցադրութիւններ, արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին։
Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ լիբանանահայութեան պարծանք ՀԵԸ-ի « Արին» պարախումբին պարային դրուագներով (պարադրող՝ Գայիանէ Մածունեան, պարուսոյց՝ Անի Կոստանեան):
ՀԵԸ-ի մարզադաշտին բացման հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ դէպի երկինք արձակելով կարմիր-կապոյտ փուչիկներ։
Վարձքը կատար մարզադաշտի բացման իրենց լուման բերած բոլոր անհատներուն, միութենականներուն:
Յապաւումներով
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ