Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան. Ռաֆֆի Պալեան

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ ներկայ գտնուեցան Երեւանի մէջ, Եզնիկ Կողբացի 42/3 հասցէին վրայ, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանի բացման արարողութեան,  որ տեղի ունեցաւ երգչուհիին ծննդեան օրը` Յունիս 1-ին:

Տուն-թանգարանի ստեղծման աշխատանքներուն շատեր ներգրաւուած եղած են, որոնց շարքին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանը, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ Լուսինէ Զաքարեանի ամուսնոյն՝ Խորէն Պալեանի եղբօրորդին, եւ որուն ֆինանսաւորումով 2018-ին իրականացուած են տուն-թանգարանի վերանորոգման աշխատանքները:

Բացման արարողութեան խօսքով հանդէս գալով Ընկ. Ռաֆֆի Պալեան անդրադարձաւ տուն-թանգարանի բացման նախապատրաստական աշխատանքներուն, ան մասնաւորապէս նշեց. «Այս տունը մեծ իրադարձութիւն է ոչ միայն Պալեան ընտանիքի, այլեւ հայ ժողովուրդի համար: Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման: Այստեղ պէտք է հնչեն Զաքարեանի եւ Պալեանի անզուգական ձայները` մարդոց, որոնք կրցան հայ հոգեւոր, տոհմիկ, միջնադարեան երաժշտութիւնը հասցնել բարձր մակարդակի»:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ յառաջիկային նպատակ կայ տուն-թանգարանը դարձնել հայ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոն։

***

Այս առթիւ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանին յղեց հետեւեալ շնորհաւորագիրը.-

Յարգարժան Պալեան եւ Զաքարեան ընտանիքի անդամներ,

Յարգելի Ընկ. Ռաֆֆի Պալեան,

 

Այսօր մենք ականատեսը կը դառնանք պատմական պահի մը:

Այսօր իրականութիւն կը դառնայ հայ հոգեւոր երգերու անզուգական մատուցող, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի եւ անոր ամուսինին՝ բանասէր, շարականագէտ, երգիչ Խորէն Պալեանի երկար տարիներու փայփայած երազը:

Այսօր անգամ մը եւս կը վերարժեւորուի անուանի երգչուհիին անմահացած վաստակը:

Եւ այս բոլորը ի տես՝ Երեւանի Եզնիկ Կողբացի 42/3 հասցէին վրայ՝ Լուսինէ Զաքարեանի տունթանգարանի երկար սպասուած բացման:

Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է յիշել, որ անզուգական Լուսինէ Զաքարեանի տունթանգարանի գաղափարի իրականացման մէջ իր մեծ ներդրումը ունեցած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, մեր հաւատաւոր ընկեր Ռաֆֆի Պալեանը, ինչը սակայն բնաւ անսպասելի չէր:

Ազգային բարձր արժէքներ դաւանած եւ անոնց պահպանման  գիտակցութեամբ սնուած Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանը այս իրագործումով դարձաւ արժանաւոր ժառանգը իր ընտանիքի, եւ անգամ մը եւս հպարտութիւն առթեց եւ արժանացաւ ոչ միայն իր կուսակից ընկերներուն, այլեւ ամբողջ հայութեան բարձր գնահատանքին եւ խոր յարգանքին:

Այսօր մենք բոլորս քիչ մը աւելի թեթեւցած խիղճով պիտի հեռանանք հոսկէ, հայ հոգեւոր երաժշտութեան աստուածուհի կնքուած Լուսինէ Զաքարեանի յիշատակը վերջապէս ըստ արժանւոյն գնահատուած եւ յարգուած ըլլալուն համար:

Այս առթիւ, մեր ջերմագին շնորհաւորանքները կը յայտնենք Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս տունթանգարանը իրականութիւն դարձնելուն:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ  ԱԶԱՏԱԿԱՆ  ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ  ՎԱՐՉՈՒԹԻԻՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին