Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը 1 Յունիս 2019-ին ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամները` ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ:

Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները ընտրութեան կապակցութեամբ, մաղթելով արգասաբեր գործունէութիւն:

Ազգային Ժողովի նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ իրենց առաջնահերթութիւններէն է սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, եւ այդ առումով,  կարեւորեց ՌԱԿ-ի հետ համագործակցութեան սերտացումը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին ու բարեմաղթանքներուն համար, ՌԱԿ ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը շեշտեց Ազգային ժողովի ստանձնած՝ ժողովուրդին ծառայելու եւ երկիրը շէնցնելու պատասխանատու առաքելութիւնը եւ բարձր գնահատեց ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսութեան զարգացման եւ դատական ու ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն ուղղուած քայլերը:

Այս առումով, կողմերը ընդգծեցին համագործակցութեան յետագայ խորացման կարեւորութիւնը եւ գործնական հանդիպում կազմակերպելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին