Հինգշաբթի 6 Յունիս 2019ի երեկոյեան «Աբօ Աշճեան» Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ԵՌԱԿի Մ. Փորթուգալեան Ուսանողական Միաւորի եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան ներկայացուցիչներու միջեւ:
Ընկերային մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը իրար ծանօթացման նպատակ կը հետապնդէր, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր կողմ միւսին ծանօթացուց իր ներկայացուցած կառոյցին մանրամասնութիւնները: Եղան ապագայի գործունէութեանց մասին կարծիքներու փոխանակումներ եւ արծարծուեցան կարգ մը ծրագիրներ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ժամանակակից երիտասարդը հետաքրքրող հարցեր:






