Երեքշաբթի 4 Յունիս 2019ի երեկոյեան Թէքէեան Կեդրոնի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ԵՌԱԿի Մ. Փորթուգալեան Ուսանողական Միաւորի եւ ՍԴՀԿ Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան Վարչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան երկու կողմերու ուսանողներն ու երիտասարդները յուզող հարցեր:
Զրուցակիցները անդրադարձան հայկական դպրոցներու մէջ Հայոց Պատմութեան միացեալ դասագիրք մը ունենալու պիտանելիութեան ու կարելիութիւններուն առնչուող օրակարգ մը:
Հանդիպման աւարտին կողմերը յարմար տեսան նման հանդիպումներ յաճախակի դարձնել:






