«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան բանակի հրամանատար, զօրավար Ժոզէֆ Աուն գնահատեց Լիբանանեան բանակի եւ ներքին անվտանգութեան ուժերու անձնակազմին «արագ միջամտութիւնը»՝ Թրիփոլիի մէջ շաբթուան սկիզբը տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակման ընթացքին։ Անոնք, փրկեցին քաղաքացիի կեանքը:
Աուն այս մասին խօսեցաւ հիւսիսային նաւահանգիստ իր շրջագայութեան ընթացքին, ուր ան կը ստուգէր անվտանգութեան ուժերուն տեղակայումը:
Հրամանատարը ընդգծեց, որ «ահաբեկչութիւնը կրօն չունի» եւ յարձակման հեղինակ՝ Ապտըլ-Ռահման Մապսութ հանդէս եկած է իբրեւ միայնակ գայլ:
Յիշեցնենք, որ Երկուշաբթի ուշ գիշերին, Մապսութ կրակ բացած էր բանակի եւ ներքին անվտանգութեան ուժերու աշխատակիցներուն վրայ՝ սպաննելով երկու զինուոր եւ երկու ոստիկան, այնուհետեւ ինքզինք պայթեցուցած:
Մապսութ լիբանանեան բանտին մէջ անցուցած է 2016 եւ 2017 թուականները՝ մեղադրուելով ահաբեկչութեան մէջ, երբ Սուրիոյ մէջ կը պատերազմէր ՏԱԷՇ-ի կողքին։
Աուն ըսաւ, որ «այն գինը, զոր (զինուած անվտանգութեան ուժերը) վճարեցին, շատ սուղ էր … մենք հպարտ ենք իրենցմով եւ մենք երբեք չենք մոռնար անոնց», որոնք իրենց «արագութիւնն ու մասնագիտութիւնը» դրին ահաբեկչական սպառնալիքին առջեւ:






