Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Առաջարկ. «ՊԵՐՃ» ԳՐԱՏԱՆ ՀԱՐՈՒՍՏ ԺԱՌԱՆԳԸ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Քսան տարիէ աւելի «Պերճ» գրատան հարեւանութեամբ գործած է Janoyan Insurance-ի մեր գրասենեակը:

«Պերճ» գրատուն հանդիպիլ եւ նոր հասած գիրքերը տեսնելը, թերթատելը, մամուլը աչքէ անցընելը մեծ հաճոյք պատճառած է մեզի:

Գրատունը հայ մտաւորականութեան, ազգային գործիչներու հանդիպման տաքուկ վայր մըն է, ուր ամէն մտաւորական կու գայ իր հրճուանքը կամ ցասումը կը յայտնէ ազգային կամ հայրենիքէն ներս եղած պատահարի մը մասին:

Կ՚ըսեն, ամէն սկիզբ իր վերջը, աւարտը ունի:

Այս հաստատութեան սեփականատէրը շնորհալի մտաւորական մըն է։ Ան հայ մշակոյթի համայնագիտարան մըն է, հայ գիրքերու, գիր ու գրականութեան մասին ինչ բան որ կ՚ուզէք, մէկ հեռաձայն բաւարար է Պերճ Տէր Սահակեանին, եւ անոր պատասխանը կ՚ունենաք:

Գիրքերու հսկայ, թանկագին հաւաքածոյ մը ունի այս գրատունը, որ 70-75 տարուայ ընթացքին, արժէքաւոր բազմաթիւ գիրքեր տուած է, հայթայթած է, նախ Լիբանանի, ապա Լոս Անճելըսի մէջ՝ Կլենտէյլի հայութեան:

Այսօր գրատան տէրը հանգստեան կոչուելով, ազգային այս հարստութիւնը պէտք չէ որ անտէր մնայ, անհետանայ: Ազգային ու մշակութային միութեանց պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ նման հաստատութիւններու, հոն հաւաքուած մշակոյթի, արուեստի հարստութեանց:

Այս գրութեամբ կ՚ուզենք խնդրելու պէս առաջարկել, որ Հայրենիքի կամ Սփիւռքի մէջ մշակութային մեր կեդրոնները լաւագոյն վայրը պիտի ըլլան, նման մշակութային հարստութեան մը համար:

Կարելի է 1-5 հազար տոլար նուիրող ազգայիններու խումբի մը՝ բարերարներու դիմել, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը որոշ քանակութեամբ այս գրատունէն գիրքեր գնէ ու նուիրէ ազգային սիրուած հաստատութեան մը:

Նոյնն ալ կարելի է ընել մեր ամենօրեայ վարժարաններուն, ուր մեր բարերարները այս գրատան հարուստ իրերէն ու գիրքերէն մաս մը գնելով կրնան նուիրել դպրոցներուն կամ եկեղեցիներու գրադարաններուն:

Մեծ Եղեռնի տեղահանութեան օրերուն, մեր հայրերը իրենց տան կահ-կարասիներէն, ինչքերէն շատ բան ձգեցին օրերուն, բայց՝ իրենց հայկական գիրքերը մէջ արուեստի գործերը մեծ դժուարութեամբ իրենց հետ տարին ու փրկեցին զանոնք: Ուրիշներ այդ գիրքերը տուփերու մէջ դնելով հողին տակ պահեցին, որպէսզի թուրքի ձեռքը իյնալով զանոնք չփճացնեն, այլ յոյս ունէին վերադարձին պիտի տիրանան իրենց գիրքերուն։

Այս առիթով կ՚ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել մեր շատ սիրելի Պերճ Տէր Սահակեանին, անոր ազնուափայլ տիկնոջ, զաւակներուն, որոնք մշակոյթի այս կեդրոնը բազմաթիւ դժուարութիւններով այսքան տարիներ պահեցին ու զարգացուցին:

Բազմահազար հայորդիներու նման, մենք ալ իրենց կ՚ըսենք Ձեր վարձքը կատար, սիրելի Տէր Սահակեան ընտանիքի անդամներ:       

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին