Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Աուն. Թրիփոլիի Հրաձիգին Նպատակը «Վրէժ»-ն էր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆիթրի տօնին նախորդող գիշերը՝ Փետրուար 3-ին, Թրիփոլիի մէջ լիբանանցի չորս զինծառայող սպաննած եւ այնուհետեւ անձնասպան եղած հրաձիգին նպատակը «վրէժ»-ն էր: Այս մասին յայտարարեց նախագահ Միշէլ Աուն։

Նախնական տուեալներուն համաձայն՝ Թրիփոլիի մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութիւնը «վրէժ էր Լիբանանեան բանակի եւ ներքին անվտանգութեան ուժերու»-ն դէմ։ Այս մասին, Պաապտայի պալատին մէջ կայացած անվտանգութեան հանդիպման ժամանակ յայտարարեց նախագահը:

Հանդիպման ներկայ էին լիբանանեան բանակի հրամանատար՝ զօրավար Ժոզէֆ Աուն, ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-հրամանատար Իմատ Օսման, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, ինչպէս նաեւ բանակի եւ ներքին անվտանգութեան հետախուզութեան բաժիններու ղեկավարները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին