Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ – 30 –
Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» Գիրքի Շնորհանդէսը
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Մայիս 24-ին Երեւանի Best Western Congress հիւրանոցին մէջ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ «Զարթօնք» օրաթերթի կազմակերպմամբ՝ տեղի ունեցաւ «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» գիրքի շնորհանդէսը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի աշխատակից Ճենի Գրիգորեան: Ան խօսեցաւ գիրքի կարեւորութեան մասին, ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհանդէսին ներկայ գտնուելու համար։
«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհանդէսին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու համար, ապա խօսեցաւ բուն գիրքի եւ անոր արժէքի մասին։ Յակոբեան ներկայացուց գիրքի իւրաքանչիւր գլուխի բովանդակութիւնը եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրի կարեւորութիւնը՝ սփիւռքահայութեան պատմութիւնը հետազօտողներու, պատմաբաններու եւ սփիւռքագէտներու համար։
Միջոցառման գլխաւոր զեկուցողն էր Սփիւռքահայութեան շատ ծանօթ դէմք՝ Մեթր Սեդրակեանի լաւապէս ծանօթ՝ Ռոմէն Գոզմոյեանը, որ մի քանի հետաքրքրական պատմութիւն յիշեց եւ ներկայացուց Մեթր Սեդրակեանի քաղաքական ու հասարակական գործունէութիւնը։
«Մեթրի մեծագոյն խելամիտ դիրքորոշումը, որուն մասին քիչերը գիտեն, եղաւ այն ժամանակ, երբ աշխարհով մէկ պաղ պատերազմ էր եւ ԱՄՆ-ի ու Միջին Արեւելքի մէջ Սովետական ազդեցութիւնը թոյլցնելու համար ամէն ինչ կ’ընէր, որպէսզի հայկական կուսակցութիւնները հեռանան Միջին Արեւելքէն , ան կառչած մնաց շրջանին։ Ես գիրքէն կը հասկնամ այն ժանանակուայ պատկերը, անոր՝ տարբեր վայրեր երթալը, շրջիլը, ԱՄՆ, ապա Պէյրութ ճամբորդութիւնները, դրդապատճառները եւ անոր դիրքրոոշումը»,- ըսաւ ան, ապա աւելցուց՝ անիկա պարզապէս գիրք չէ, անիկա հանրագիտարան է, բացառիկ վաւերագրութիւն, աղբիւր, իր բազմաժանրութեան ու աշխարհագրութեան ընդգրկումով։
Գոզմոյեան նշեց, որ կարելի է բազմաթիւ օրինակներ բերել կուսակցական գործունէութեան մէջ Մեթրի բացառիկ դերի մասին, որը հանգամանօրէն ընդգրկուած է հրատարակուած գիրքին մէջ։
Մեթր Սեդրակեանի ընկերներն ու մտերիմները գիրքի շնորհանդէսի ընթացքին, իրար սիրով պատմեցին անոր կեանքի ու հասարակական-քաղաքական գործունէութեան մասին յուշեր։
Միջոցառման աւարտին ներկաները Ռոմէն Գոզմոյեանի ստորագրութեամբ ստացան «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» գիրքի իրենց օրինակը։