«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի, Ուրբաթ օր, Մեքքայի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Արաբ ղեկավարներու հետ, իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 14-րդ Իսլամական գագաթնաժողովին ծիրէն ներս։ Այս մասին կը տեղեկացնէ The Daily Star-ը։
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան հանդիպումը սկսաւ Ուրբաթ առաւօտեան՝ «Ձեռք ձեռքի դէպի ապագան» խորագիրով։ Կազմակերպութեան 57 անդամ երկրի ներկայացուցիչներ քննարկեցին ԱՄՆ-ի դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշումը եւ Իսրայէլի ինքնիշխանութեան ճանաչումը՝ Կոլանի վրայ։
Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս՝ Հարիրի հանդիպեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սալմանի, Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ ալ Սիսիի, Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալիհի, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ Մալայզիայի արտաքին գործոց նախարար Տաթուք Սէյֆուտտին Ապտուլլայի հետ։
Լիբանանի վարչապետը պաշտօնատար անձանց հետ քննարկեց տարածաշրջանային զարգացումներն ու երկկողմ յարաբերութիւնները:
Գագաթնաժողովին ժամանակ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը որոշեց աջակցիլ Սէուտական Արաբիոյ՝ Իրանի հետ լարուածութեան բարձրացման պարագային։
Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս, ԱՄԷ-ի ափերուն մօտ առեղծուածային յարձակումները վնասած էին Սէուտական Արաբիոյ քարիւղի հրասայլերը, իսկ Թեհրանը խստօրէն հերքած էր յարձակումներուն մէջ իր ներգրաւուածութիւնը: