Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Լուրեր Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան կեանքէն. Մայրերու օրուան փառաշուք տօնակատարութիւն

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, իրաքահայերու Հայ ընտանեկան վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած էր շատ ճոխ ձեռնարկ մը, նուիրուած հայ մայրերուն, որու ընթացքին յարգանքի տուրք տրուեցաւ հայ գրականութեան անթառամ փառքերէն Յովհաննէս Թումանեանին, անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով:

Ձեռնարկը իր հովանաւորութեամբ կը պատուէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, զոր ներկայացուեցաւ արժանապատիւ Տէր Յովսէփ աւագ Քհնյ. Յակոբեանի կողմէ: Տէր հայրը, իր բացման եւ փակման աղօթքով եւ ջերմ խօսքերով մաս կազմեց յայտագրին:

Վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի՝ Տիկին Անահիտ Խաչատուրեանի բացման եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքէն ետք, խօսք առաւ վարժարանի վարչութեան ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան: Ան դպրոցի բոլոր պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհաւորեց ներկայ եւ բացակայ հայ մայրերը, մաղթելով որ մեր հերոսածին եւ թանկագին հայ մայրերուն շուքը եւ ներկայութիւնը անպակաս ըլլան իրենց ընտանիքներէն եւ զաւակներէն:

Վարժարանի նուիրեալ փոխտնօրէնուհի տիկին Քնարիկ Գէորգեան, շատ գեղեցիկ ելոյթով ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրութիւնը եւ անոր գրականութեան առանձնայատկութիւնը:

Տիկին Գէորգեան բոլոր ներկաներուն անունով խոնարհում ըրաւ Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին դիմաց:

Ապա, սկսաւ վարժարանի աշակերտութեան հոյակապ հանդէսը, որ հայ մայրերուն նուիրուած էր: Միաժամանակ՝ հայ գիրին, գրականութեան, հայրենիքին ու մանաւանդ Յովհաննէս Թումանեանի նուիրուած 31 կտորներէ բաղկացած յայտագիր մը ունեցանք՝ երգեր, արտասանութիւն, պարեր, իսկապէս տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահէն ներս: Մօտ 250 հոգիէ աւելի ծնողներ եւ ներկաներ, պզտիկներուն հետ միաբերան կ՚երգէին եւ խանդավառութեամբ կը գնահատէին աշակերտութեան ելոյթները:

Վերջաւորութեան, բոլոր աշակերտները իրենց ձեռքի գործ եղող բացիկներով եւ ծաղկեփունջերով մօտեցան եւ զանոնք նուիրեցին իրենց մայրերուն:

Իրաքահայերու Միութեան Կեդր.  Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տոքթ. Մարալ Անճարկոլեան եւ դպրոցի պատասխանատու Խաչիկ Ճանոյեան մասնաւոր նուէրներով գնահատեցին վարժարանի ուսուցչուհիները՝ Մայրերու օրուան առիթով:

Վերջաւորութեան, բոլոր հանդիսականները եւ աշակերտութիւնը ճաշով հիւրասիրուեցան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Յիշենք, թէ այս տարի Նոյեմբերին, արդար հպարտութեամբ պիտի նշուի Հայ Ընտանեկան Միութեան Շաբաթօրեայ անվճար վարժարանի 40-ամեակը:

Այս դպրոցէն ներս, Ամերիկայի այս հեռաւոր ափերուն վրայ 1700-է աւելի հայ մանուկներ անվճար հայերէն գիր, պար, երգ եւ ասմունք սորված են: Այս դպրոցը, իրապէս օրհնութիւն մը եղած է մեր գաղութին մէջ: Բոլորին վարձքը կատար:

Այլ Ձեռնարկներ

* Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը, գործակցութեամբ իրանահայերու եւ պոլսահայերու միութեանց, կազմակերպեց ծանօթ արուեստագէտ, Լոս Անճելըսի հայկական հեռատեսիլի հիմնադիր Սարգի Մուրատեանի երգարանի գինեձօնը:

* Մաս կազմեց Պոլսահայ միութեան ղեկավարներէն Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակի մեծարման երեկոյին, միութեան կողմէ յուշատախտակ մը նուիրելով:

* Թուրք մտաւորական Թանէր Աքչամի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքի գինեձօնին՝ իրաքահայերու եւ պոլսահայերու միութեանց հետ համատեղ։

* Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը, որպէս Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմնի անդամ, զանազան ձեռնարկներու իր մասնակցութիւնը բերած է, մանաւանդ Մեծ Եղեռնի նահատակներու ապրիլեան ձեռնարկներուն:

* Լոս Անճելըսի ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Կլենտէյլի Հիլթոն պանդոկին մէջ, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան: Միութիւնը մէկ սեղանով ներկայ եղաւ այդ ձեռնարկին:

* Ռումանիոյ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Տիար Վարուժան Ոսկանեանին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ Միացեալ մարմնին կողմէ, որուն մաս կազմեց մեր միութիւնը եւ մօտէն ծանօթացանք Պրն. Ոսկանեանին հետ:

* Հայ մամուլին եւ հայրենական զանազան ծրագիրներուն Իրաքահայ Ընտանեկան Միութիւնը միշտ ալ իր նպաստը եւ նիւթական միջոցները հասցուցած է:

* Ապրիլ ամսուայ սկիզբը ճաշկերոյթ պարահանդէս մը կազմակերպեց Պրպենքի “Olive” ճաշարանին մէջ, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրուած էր միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանին ծախսերուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին