ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Մոլեգնած (Obsessed) Կինը . . .
Թանիա Ռիգարտօ 30-ամեայ ամուսնալուծուած կին մըն է (տես նկարը) որ կ՛ապրի Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին շրջակայքը։ Անոր կեանքին երազն էր նմանիլ՝ Մեծն Բրիտանիոյ Իշխանուհի Մէկըն Մարքլի . . .
Առ քեզի ցնորական երազ՝ որուն իրականացման համար ան ծախսած է 30,000 տոլար եւ ենթարկուած ութը գեղագիտական գործողութեանց, որ տեւած է վեց ժամ։
Թանիայի գեղագիտական վիրաբոյժն է Հիւսթընէն Տոքթ. Ֆրէնքլին Ռոզ։ Թանիային բարեկամները իրեն ըսած են որ դուն խենթ ես՝ որ նմանօրինակ ոչ-անհրաժեշտ գործողութեանց կ’ենթարկես ինքզինքդ, վասն մոլեգնութեան։ Իսկ ան պատասխանած է թէ՝ երբեք հոգը չէ, միայն թէ նմանի Բրիտանիոյ Սասէքսի Իշխանուհիին!
Գիտենք որ Անգլիոյ Իշխանուհի Մէկըն Մարքլի հայրը ճերմակամորթ է, իսկ մայրը՝ սեւամորթ։ Թանիան ալ Սասէքսի Իշխանուհիին նման սերած է երկցեղ (biracial) ծնողներէ։ Թերեւս այս է բուն պատճառը որ ան կ’ուզէ նմանիլ իր հիացմունքի առարկայ Իշխանուհիին . . .
Թանիայի հարազատներն ու բարեկամներու սեղմ շրջանակը զինք այպանած են անտեղի գործողութեանց ենթարկուելուն համար։ Սակայն իր ընկերը (boyfriend) Մայքըլ Տանքըն՝ ոչ թէ միայն քաջալերած է զինք, այլեւ համբոյրով մը առաջնորդած է զինք դէպի գործողութեան սենեակը եւ իրեն մաղթած է յաջողութիւն։
Առ քեզի երկու չափ՝ երկու կշիռի եզակի երեւոյթ մը, ուր մարդիկ չեն վարանիր իրենց կարծիքը յայտնելու` երբ գտնուին հակամարտ (controversial) իրավիճակի մը դէմ-հանդիման։ Ըստ ինծի, մոլեգնած այս կնկան ցնորքը պէտք չէ իսկ նիւթ դառնայ լրատուական միջոցներուն՝ որպէսզի նմանօրինակ դէպքեր չ՛ընդհանրանան մեր ընկերային այլապէս բարդ կեանքերուն մէջ եւ վերջ։
Որո՞ւն հոգը որ կին մը կ՛ուզէ նմանիլ իշխանուհիի մը, որ կ՛ապրի իրմէ մղոններ անդին՝ ովկիանոսին միւս կողմը!
Խելագար Վարորդը . . .
Այս դէպքը պատահած է Ֆլորիտա նահանգի Լէյքլընտ քաղաքին մէջ։ Լէնըրտ Օլսըն 70 տարեկան մարդ մըն է որ իր Գատիլաք տիպի ինքնաշարժով ժամական 100 մղոն արագութեամբ կը սուրար ազատուղիին վրայ, երբ ոստիկանները ձերբակալեցին զինք։
Առաւել, կարծես վերոյիշեալ արագութիւնը բաւարար չէր՝ ան իր ինքնաշարժը ինքնավար դրութեան մէջ (cruise control) դնելէ ետք, ինքնաշարժի երդիքի պատուհանէն (sunroof) դուրս ցցուած եւ թեւերը լայն պարզած (տես նկարը) կ’ընթանար ուախ-զուարթ։
Այս վարմունքով, կարծես ան կ՛ուզէր նմանիլ Թայթէնիք ֆիլմի այն պատկերին, ուր սիրահարուած աղջիկն ու մանչը նաւուն յառաջամասին իրենց թեւերը լայն պարզած՝ ուրախ ժամանակ մը կ’անցնէին, չէ՞ք խորհիր!
Երբ մեր հերոսը ձերբակալուելով ոստիկանատուն կ’առաջնորդուի, ան կ’աղաջէ զինք հարցաքննող ոստիկանին որ զինք իր տունը չտանի, այլ կը նախընտրէ բանտ երթալ։ Այսպիսի խնդրանքի մը առաջին անգամ ըլլալով հանդիպելուն, ոստիկանը կ’ուզէ գիտնալ թէ ինչո՞ւ։
Եւ ահա հերոսին անկեղծ պատասխանը։ Ան կ’ըսէ թէ զզուած է կնոջմէն, որ զինք կը գործածէ որպէս ծառայ . . . Արդեօք առանձի՞ն է Պրն. Օլսըն իր այս իրավիճակին մէջ, շատ կը կասկածիմ։
Սակայն մարդիկ քաջութիւնը չունին ազատօրէն արտայայտուելու իրենց տառապանքին մասին եւ կը նախընտրեն լուռ անցնիլ, ալեկոծութիւն չստեղծելու համար՝ իրենց ընտանեկան յարկին տակ։ Այս կացութիւնը ես պիտի որակէի որպէս «լուռ ցաւեր», որ վստահ եմ վարակած է մեզմէ շատերը։
Հոս պէտք է աւելցնեմ որ երբ ոստիկանութիւնը վերջապէս կը կասեցնէ արագ սուրացող ինքնաշարժը, անոր արագութիւնը արդեն նուազելով հասած էր քառասունի՝ որը աւելի դիւրին է ղեկավարելը։
Բարեբախտութիւնը այս տարօրինակ դէպքին այն է որ այդ ինքնաշարժը արագ սուրալով՝ որեւէ արկածի չէ հանդիպած եւ որեւէ վնաս չէ հասած, ոչ մէկուն! Կարծես, ամէն չարիքի ետին՝ բարիք մը կայ։