«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վեթերանները Երկուշաբթի օր բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էին Պաապտայի պալատին շուրջ։ Անոնք նախագահ Միշէլ Աունէն կը պահանջէին չեղարկել կենսաթոշակներու կրճատումը։
Բողոքի ցոյցին մասնակցող տասնեակ լիբանանեան զինուորականներ կ՝ուզէին հանդիպիլ նախագահի հետ:
«Մենք պարզապէս կ՝ուզենք բարեւել: … Ան բոլորիս հայրն է »,- լրագրողներուն ըսաւ ցուցարարներէն մէկը:
Նշենք, որ նոյն օրը Պաապտայի պալատին մէջ տեղի կ՝ունենար կառավարութեան նիստը, որ կը նախատեսէր 2019-ի պիւտճէի նախագիծին հաստատումը:
Նիստը սկսելէն կարճ ժամանակ անց՝ վեթերանները յայտարարեցին, թէ կ՝աւարտեն բողոքը։
Նշենք, որ վեթերանները պարբերաբար կը բողոքէին իրենց աշխատավարձի հաւանական կրճատումներուն դէմ։
Վերջերս պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտարարած էր, որ պիւտճէի միակ դրոյթը, որ կրնայ ազդել վեթերաններուն վրայ, 3 տոկոսով կը կրճատէ թոշակները, որոնցմէ մնացած գումարը պիտի ուղղուի առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններուն: