«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մայիս 27-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաթեւի մէջ կը մասնակցի «Իմ քայլը յանուն Սիւնիքի մարզի» ներդրումային գործարար ծրագիրներու համաժողովին ու տեղական արտադրանքի EXPO ցուցահանդէսին:
Ներդրումային համաժողովի նպատակն է` Սիւնիքի մարզի տնտեսութեան եւ համայնքներու զարգացման գործընթացներուն ներգրաւել Հայաստանի ու արտերկրի մէջ ձեռնարկատիրութիւն իրականացնող եւ գործարար շահեր հետապնդող գործարարներ: Անիկա ուղղուած է ներդրումային միջավայրի աշխուժացման, գործարար ոլորտի մէջ նորանոր, փոխշահաւէտ գործակցային կապերու հաստատման:
Բացուած է նաեւ տեղական արտադրանքի EXPO ցուցահանդէս:
Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Իրականութեան մէջ ճանապարհին կը մտածէի, թէ որ տարբերակով սկսիմ ելոյթս, որովհետեւ քանի մը տարբերակ մտածած էի, բայց դուք ձեր խօսքով կանխորոշեցիք` խօսելով խենթ գաղափարներու մասին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` նոյն մեծ բանավէճն է խենթութեան եւ իրատեսութեան միջեւ: Մեր քաղաքական խնդիրն է` Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնել երկիր այնպիսի մարդոց, որոնք կը հաւատան իրենց ուժերուն, որոնց գիտեն, որ այդ գաղափարները կարելի է իրագործել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»: