Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ Հիմնադրամի Յանձնախումբի Երկու Անդամներ Կը Պարգեւատրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»Ի Շքանշանով

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արմենոֆաս հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէրն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայոն պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։

Ձեռնարկին խօսք առաւ Արմենոֆաս-ի ատենապետ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան։ Ան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց պատմականը Արմենոֆաս-ին, որ շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան շրջանին  Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական օժանդակութեան եւ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց Արմենոֆաս-ի խորհրդանշական դերը իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն անցեալէն եկող հայ-զուիցերիական բարեկամութեան։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ իւրայատուկ գործակցութիւն մը գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն միջեւ։

Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յիշեց երկու անուններ՝ փաստաբան Ֆրանսուա Փայօ եւ Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէր, որոնք աւելի քան 40 տարիներ Արմենոֆաս-ի ճամբով գործած են ի նպաստ հայ ժողովուրդին, եւ որպէս սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն Հայրապետը յիշեալ երկու զուիցերիացիները պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին