«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահանը հաստատած է տեղեկութիւնը, որ Փենթակոնը մտադիր է լրացուցիչ զօրք ուղարկել Մերձաւոր Արեւելք, կը հաղորդէ ТАСС-ը:
Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ Շանահանը նշած է, որ ներկայիս Միացեալ նահանգները կը քննարկէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր զօրքերու պաշտպանութիւնը բարձրացնելու հարցը, ուստի, ըստ անոր, կրնայ լրացուցիչ զօրքեր ուղարկելու անհրաժեշտութիւն առաջանալ:
Փենթակոնի ժամանակաւոր ղեկավարը չէ նշած, թէ ԱՄՆ որքան զինծառայող մտադիր է ուղարկել այդ տարածաշրջան՝ Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի պայմաններուն:
Նշենք, որ աւելի վաղ Reuters-ը յայտնած էր, որ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտադիր է լրացուցիչ 5 հազար զինծառայող ուղարկել Մերձաւոր Արեւելք: