Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Հարիրի. Պիւտճէն Յաղթանակ Մըն է Լիբանանեան Ժողովուրդին Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2019 թուականի պետական ​​պիւտճէի պակասուրդի կրճատումը յաղթանակ մըն է բոլոր լիբանանցիներուն համար, ըսաւ Վարչապետ Սաատ Հարիրի, Շաբաթ երեկոյեան։ Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։

«Պակասուրդի կրճատման տոկոսը բոլորի համար ուղերձ է` լիբանանցիներուն, տնտեսական ոլորտին, ելեւմտական շուկաներուն եւ միջազգային հանրութեան մեր ընկերներուն»,- ըսաւ ան տօնական ընթրիքի մը ընթացքին:

Նախարարները 2019-ի պետական պիւտճէին նախագիծը հաստատեցին Ուրբաթ օր` նոյն նպատակին յատկացուած 19-րդ նստաշրջանէն ետք: Տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, թէ 2018-ին իրենք կրցած են կրճատել պակասուրդը համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 7.5 տոկոսի չափով:

Պիւտճէի պակասուրդը կրճատելը Լիբանանի կառավարութեան խոստումներէն մէկն է, որ 2018-ի CEDRE նուիրատուներու խորհրդաժողովին կատարած էին` 11 միլիառ ԱՄՆ տոլարի չափով վարկային եւ դրամաշնորհային միջազգային ներդրողներուն իբրեւ փոխատւութիւն:

Յառաջիկայ օրերուն, ամենայն հաւանականութեամբ, Երկուշաբթի օր, Պաապտայի պալատին մէջ պիտի կայանայ կառավարութեան նիստ մը, ուր նախագահ Միշէլ Աուն պիտի քննարկէ պիւտճէն` նախքան զայն խորհրդարան ուղարկելը եւ վաւերացնելը:

Այնուամենայնիւ, Հարիրի նշեց, որ 2019-ի Պիւտճէն «պարզապէս սկիզբն է» այն ճանապարհին, որ Լիբանանը պիտի դնէ ճիշդ ուղիի վրայ, եւ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ բարեփոխումներ կատարել` խուսափելու համար «վտանգի գօտիէն»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին