Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Սրբուհի Ռիթայի Տարեկան Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագ

Կիրակի, 19 Մայիս 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին մէջ գտնուող Սրբուհի Ռիթայի Ուխտատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Եւ Անմահ պատարագ, որուն ներկայ էին Հոգշ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ հիւպատոս պարոն Լէոնարտ Ապաճեան, պաշտօնական հիւրեր եւ թիւով հազարէ աւելի հաւատացեալներ:

Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց հոգեշնորհ Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեան՝ Մեծաւոր Մխիթարեան Միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի: Իր քարոզին մէջ հոգեշնորհ հայրը լուսարձակի տակ առաւ Սրբուհի Ռիթային կեանքը, որ շրջանցեց ամէն տեսակ խոչընդոտ, դիմացաւ ամէն տեսակ դժուարութիւններու, հասնելու համար հոգեկան այն խաղաղութեան, որուն կը ձգտէր: Ան ներկայացուց սրբակեաց սրբուհին, որ այնքան զօրաւոր հաւատքով դիմեց մեր երկնաւոր Հօր եւ շնորհք ստացաւ ոչ միայն ինքն իրեն համար, այլ դարձաւ իր անունով աղօթողներուն արագահաս եւ անկարելի բաներու սրբուհին: Հոգեշնորհ հայրը մաղթեց, որ, Սրբուհի Ռիթայի ուխտի օրուան առիթով, սրբուհիին միջոցաւ մենք ստանանք Աստուծոյ շնորհքը, եւ իրմէ սորվինք այն հնազանդութիւնը, որ ինք ունէր Աստուծոյ հանդէպ, իր հաւատքին ճամբով:  Հայր Աստուած մեզի կը շնորհէ մեր բոլոր բարի փափաքները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութիւն եւ նշխարհաբոյր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին