Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

ՆԱՄԱԿ-ԱՌԱՋԱՐԿ

Յարգելի’ Խմբագրութիւն «Զարթօնք» օրաթերթի,

«Զարթօնք»-ի 22 Մայիս 2019-ի համարին մէջ լոյս տեսած է տոքթ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի «Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը Վերանորոգման Մէջ» յօդուածը, արտատպուած Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն, որ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը պարունակէ նախապէս ալ՝ անցեալ դարու յիսունական թուականներուն Մայր Տաճարին մէջ եղած վերանորոգումներու ընթացքին յայտնաբերուած հայկական նախաքրիստոնէական հնութիւններու մասին:

Այդ բոլորին մէջ ուշագրաւ է Մայր Տաճարի Աւագ Սեղանի տակ գտնուող հեթանոսական կրակարանի մասին նշումը, որ յատուկ անցքէ մը աստիճաններով իջնելով կարելի է տեսնել, քանի որ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրամանով ան պահուած է ինչպէս որ է: Այդ կրակարանը տեսնելու բախտը ունեցած եմ անցեալ դարու ութսունականներուն, Գէորգեան ճեմարանի ուսանողի մը կողմէ առաջնորդուելով հոն, երբ ուսանող էի Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ:

Այս նամակին կը կցեմ 1962-ին Էջմիածինի մէջ հրատարակուած երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն Ալպոմին դուրսի եւ ներսի կողքերուն նկարները, ինչպէս նաեւ անոր լուսանկարներու բաժինին մէջ լոյս տեսած վերոնշեալ կրակարանին նկարը, որպէսզի հանրութիւնը ծանօթանայ, իսկ ան որ ծանօթ է անգամ մը եւս առիթը ունենայ առնչուելու անոր:

Առաջարկս հետեւեալն է. քանի որ Մայր Տաճարը վերանորոգման ընթացքի մէջ է, այս առիթէն օգտուելով այնպէս մը ընել, որ հանրութեան կողմէ այդ կրակարանը այցելելու յարմարութիւն ըլլայ, որպէսզի հայեր եւ օտար զբօսաշրջիկներ անոր ծանօթանալու առիթ ունենան, այդպէսով աւելի եւս իմանալով մեր պատմական մշակութային այս իւրայատուկ նմոյշին մասին:

Յոյսով եմ որ առաջարկս լուրջ նկատողութեան կ՛առնուի պատկան մարմիններու կողմէ:

ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԹԻՆԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին