Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

ԵԽԽՎ Համազեկուցողները Քննադատած Են Փաշինեանի Կոչը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –    Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մշտադիտարկման յանձնաժողովի՝ Հայաստանի մասով համազեկուցողները Երեքշաբթի, 21 Մայիսին հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ դատարաններու մուտքերն ու ելքերը արգելափակելու ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մայիս 19ի կոչին վերաբերեալ:

«Քաղաքական շահագրգիռ կողմերը պէտք է ձեռնպահ մնան գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ճնշում դատական համակարգին վրայ», ըսած են համազեկուցողներ Եուլիա Լովոչքինան եւ Անտրէյ Շիրցելը:

«Առանց այս որոշումի սկզ-բունքներուն վերաբերեալ կանխակալ կարծիք յայտնելու՝ մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ դատական համակարգի անկախութիւնը օրէնքի գերակայութեան նախապայմանն է, եւ որ օրէնքի գերակայութիւնը լաւագոյնս կ՛արտայայտէ քաղաքական ուժի կողմէ որեւէ միջամտութեան բացակայութեամբ: Գոյութիւն ունին օրինական գործընթացներ, ինչպէս բարձրագոյն դատական համակարգին դիմելը, դատարանի կողմէ կայացուած կասկածելի թուացող որոշումներուն բողոքարկելը: Օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ յարգանքը կ՛ենթադրէ յարգանք այն գործընթացներուն նկատմամբ, որոնք գոյութիւն ունին բոլոր քաղաքացիները պաշտպանելու համար՝ անկախ անոնց ով ըլլալէն», աւելցուցած են ԵԽԽՎ համազեկուցողները:

Միւս կողմէ, անոնք շեշտած են, որ «տուեալ դատական որոշման (Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու մասին-Խմբ.) վերաբերեալ հանրութեան արձագանգը կ՛ընդգծէ, որ դատական համակարգին հանդէպ ժողովուրդի վստահութիւնը դեռեւս ցած է»:

«Դատական համակարգի բարեփոխումները կը շարունակեն առաջնահերթ ըլլալ, եւ մենք կ՛ողջունենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ոլորտի բարեփոխումներու վերաբերեալ, մասնաւորապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ զանոնք Եւրոպայի խորհուրդին հետ իրականացնելու անոր ցանկութիւնը», ըսած են համազեկուցողները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին