Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Այս Տարուան Գործողութիւններու Ծրագիրով ԵՄ-ի Կողմէն Հայաստանին Տրամադրուող Աջակցութիւնը Աւելցած է 25 Միլիոն Եւրոյով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի Հարեւանութեան հարցերով գլխաւոր տնօրինութեան Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսի եւ Արեւելեան գործընկերութեան հարցերով բաժնի ղեկավար Վասիլիս Մարակոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պեօտր Սուիտալսկին: 

Ինչպէս կը տեղեկացնէ«Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը, ողջունելով հիւրերը՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն համարած է ընդհանուր ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու եւ մասնաւորապէս երկկողմ ծրագրերու ներկայ փուլը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարը քննարկելու համար: 

Փոխվարչապետը Մհեր Գրիգորեան անդրադարձաւ արդարադատութեան ոլորտէն ներս Կառավարութեան ծրագրած բարեփոխումներուն՝ համարելով զանոնք առաջնահերթ՝ երկրի զարգացման տեսանկիւնէն: 

Վասիլիս Մարակոս ներկայացուց այցի ընդլայնուած օրակարգը եւ նպատակը, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, որ Եւրոպական միութիւնը 2019 թուականի տարեկան գործողութիւններու ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստանին տրամադրուող աջակցութիւնը աւելցուցած է 25 միլիոն եւրոյով, որ, ընդհանուր առմամբ, կը կազմէ 65 միլիոն եւրօ, անիկա կը գերազանցէ 2018 թուականի տարեկան գործողութիւններու ծրագրով նախատեսուած գումարը 29 միլիոն եւրոյի չափով:

2019 թուականի համար նախատեսուած ծրագրերը պիտի իրականացուին ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան, բնապահպանութեան ոլորտներուն, համայնքային եւ քաղաքացիական հասարակութեան կարողութիւններու զարգացման համար, պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառացուածքային ներդրումային ծրագրեր: 

Փոխվարչապետը Կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացին աջակցելու եւ անոր մասնակից ըլլալուն համար:
 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին