Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

ԱԺ Խորհուրդը Համաձայնութիւն Չէ Տուած Մայիս 23-ին ԱԺ Արտահերթ Նիստ Գումարելու Պատգամաւորներու Նախաձեռնութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի նախագահութեամբ ՀՀ ԱԺ խորհուրդը Մայիս 22-ին արտահերթ նիստ գումարած է:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը, քննարկուած է «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 41-րդ յօդուածի 7-րդ մասով սահմանուած ժամկէտէն շուտ «ԱԺ արտահերթ նիստ գումարելու մասին» ԱԺ պատգամաւորներու նախաձեռնութեան համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ հարցը:

10 դէմ եւ 5 կողմ ձայներու յարաբերակցութեամբ` խորհուրդը համաձայնութիւն չէ տուած Մայիս 23-ին՝ ժամը 11:00-ին, ազգային ժողովի արտահերթ նիստ գումարելու պատգամաւորներու նախաձեռնութեան: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին