Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէի մէջ, ուր Փարիզ ժամանելէն ետք բնակած է Ազնաւուրեաններու ընտանիքը, եւ ուր անցած է Շառլ Ազնաւուրի մանկութիւնը, բացուած է արուեստագէտին յուշատախտակը:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ը:
«Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակի առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանի եւ «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ի համագործակցութեամբ յուշատախտակ բացուած է այն շէնքին առջեւ, ուր հաստատուած են Ազնաւուրեանները ու անցած է Շառլ Ազնաւուրի մանկութիւնը»,- նշուած է հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ:
Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ նշած է, սա իրենց յարգանքի տուրքն է հանճարեղ արուեստագէտի յիշատակին:
«Փարիզը, որ տեսած է Շառլ Ազնաւուրի ահռելի տաղանդը, իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ անոր: Ան մեր քաղաքի փոքրիկ երեխան է, որ կը սիրէ բոլորը, որ կը ժամանէ օտար երկիրներէ եւ իր հետ փոխանակելու կը բերէ իր հարստութիւնները, առատաձեռնութիւնն ու պարզութիւնը: Սա յարգանքի տուրք է, որ մենք սկսանք այս յուշատախտակի բացումով եւ կը շարունակենք այսօր երեկոյեան քաղաքապետարանի բակին մէջ տեղի ունենալիք համերգով, որ Փարիզի երկինքը պիտի դղրդացնէ այս հանճարեղ բանաստեղծի անմոռանալի երգերով»,- գրած է Իտալկօ:
Փարիզի քաղաքապետարանին յարող հրապարակին վրայ, տեղի ժամանակով ժամը 17:00-էն Ազնաւուրի տարեդարձին նուիրուած համերգին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Փարիզի քաղաքային երգչախումբը, Անտրէ Մանուկեանը, Ժոաննա Մենտիլը, Եսայի Ալթունեանը, Ազնաւուրին նուագակցած դաշնակահար Էրիկ Պերշոն եւ այլ երաժիշտներ: