«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շարք մը պետական կառոյցներու աշխատակիցներ, Մայիս 21-ի երեկոյեան գործադուլ յայտարարած էին, մինչ Կառավարութիւնը կը հանդիպէր 17-րդ նիստով մը քննարկելու 2019-ի պիւտճէի նախագիծը։
Պետական կառավարման լիկայի աշխատակիցներու ղեկավար Նաուալ Նասր, Ուրբաթ օր, լրագրողներուն ըսած է, որ պետական աշխատողները գործադուլի մէջ պիտի ըլլան «անորոշ ժամանակով», եթէ պիւտճէն կրճատէ անոնց աշխատավարձը կամ ազդէ անոնց իրաւունքներուն վրայ:
Տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ նախօրէին ըսած էր, թէ պիւտճէին նուիրուած Կառավարութեան նիստը պէտք է «վերջնական» ըլլայ։
Պիւտճէին վերաբերեալ բանակցութիւններուն աւարտէն ետք, Կառավարութիւնը՝ ղեկավարութեամբ նախագահ Միշէլ Աունի՝ կրկին պիտի հանդիպի Պաապտայի պալատին մէջ, հաստատելու համար պիւտճէն՝ մինչեւ Խորհրդարան փոխանցուիլը: