«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կառավարութիւնը 2019-ի պիւտճէի նախագիծին համար կը հանդիպի այսօր՝ վերջին նիստով մը։ Այս մասին յայտարարեց Ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլ Մայիս 21-ին տեղի ունեցած 17-րդ նիստէն ետք:
«Աւարտին հասաւ պիւտճէին քննարկումը, վաղը պիտի ըլլայ վերջին ընթերցումը»,- ըսաւ Խալիլ նիստէն ետք։
Նոյն օրը, նիստէն առաջ, ան արդէն յայտնեց, թէ պիւտճէն հաստատուած է եւ ամէն ինչ արդէն ներկայացուած է վերջնական տեսքով, յաւելեալ քննարկումներու կարիք չկայ։
Այնուամենայնիւ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ յայտնեց, որ պիւտճէն վերջնականացնելու համար դեռ ժամանակ պէտք է:
Նիստին ընթացքին՝ քննարկելէ ետք նախորդ օր աւելցուած տարբեր յօդուածներ՝ նախարարները սկսան քննարկել նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու աշխատավարձերու նուազեցումը։
«Այսօր մեծ յառաջընթաց եղած է Կառավարութեան նիստին ընթացքին»,- ըսաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի։