«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փարիզի Էյֆէլեան աշտարակը Մայիս 20-ին զբօսաշրջիկներու համար փակուած է տղամարդու մը պատճառով, ան փորձած է աշտարակ բարձրանալ առանց որեւէ անվտանգութեան միջոցներու: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, France-Presse կը տեղեկացնէ, որ տղամարդը մետաղական կազմուածքով մը սկսած է բարձրանալ երկրորդ յարկէն՝ չօգտագործելով մագլցողներու համար նախատեսուած որեւէ սարք: Ան հասած է վերին հարթակ:
Աշտարակը շրջապատած են ոստիկանները: Յատուկ պատրաստուած փրկարարներու խումբը ուղարկուած է տղամարդու հետ բանակցութիւններու: Տեղական լրատուամիջոցները նշած են, որ տղամարդը որոշած էր անձնասպանութիւն գործել:
Էյֆէլեան աշտարակը զբօսաշրջիկներուն համար փակուած է անյայտ ժամանակով: