«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աւստրալիոյ Քուինսլենտի նահանգի բնակչուհի Քելի Փերեն հնգամեայ դստեր լուսանկարի մէջ չարորակ ուռուցքի նշան նկատած է: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»-ը, գրած Է Daily Mail-ը: Կնոջ խօսքով՝ ինքը տագնապած է, երբ դստեր՝ բռնկմամբ կատարուած լուսանկարի մէջ տարօրինակ լուսարձակ նկատած է միայն մէկ աչքի բիբին մէջ:
«Ես չէի կրնար գտենլ անոր բացատրութիւնը: Ողջ ընթացքին կը հարցնԷի մարդոց, թէ անոնք լուսարձակում կը տեսնեն արդեօք, բայց ոչ ոք զայն չէր նկատեր, որովհետեւ անիկա արագօրէն կ’անհետանար»: Փերեն դիմած Է բժիշկներու, որոնք դստեր մօտ ախտորոշած են ռետինոբլաստոմա՝ հազուագիւտ տեսակի չարորակ գոյացութիւն: Բժիշկները հեռացուցած են երեխայի աչքը եւ արհեստական աչք դրած: Բժիշկները պատմած են, որ այս հիւանդութիւնը, որպէս կանոն, կ’աշխտորոշեն մինչեւ երեք տարեկան երեխաներու մօտ: Անոնք ծնողներուն յորդորած են զգօն ըլլալ, եթէ երեխայի լուսանկարի մէջ նման լուսարձակում նկատուի, հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոսթին: