«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է դատական համակարգի վերաբերեալ յայտարարութեամբ: Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես» վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնեաներու ներկայութեամբ ունեցած ելոյթին ՀՀ վարչապետը, մասնաւորապէս, նշած է.
(Ստորեւ կը ներկայացնենք ելոյթէն հատուածներ)
«Բարեւ ձեզ, յարգելի գործընկերներ.
Այսօր ձեզ հանդիպման հրաւիրած եմ՝ քննարկելու համար, իմ կարծիքով, այլեւս անյետաձգելի եւ հրատապ լուծում պահանջող խնդիր մը:
Վերջին մէկ տարուայ իրադարձութիւնները, շարունակաբար ի ցոյց կը դնեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինչպէս չէ եղած, այնպէս էլ չկայ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող դատական իշխանութիւն: Եւ դատական իշխանութեան գործունէութիւնը շարունակաբար ալեկոծութիւններ կը յառաջացնէ մեր հանրութեան շրջանակէն ներս:
«….Յարգելի գործընկերներ, եկած է դատական համակարգի մէջ վիրահատական միջամտութիւններ իրականացնելու ժամանակը: Այդ գործընթացը պէտք է արտայայտուի հետեւեալի մէջ.
- Հայաստանի մէջ գործող բոլոր դատաւորները պէտք է ենթարկուին, այսպէս ըսած, vetting-ի: Այսինքն՝ հանրութիւնը պէտք է ամբողջական տեղեկատւութիւն ունենայ դատաւորի ունեցած քաղաքական կապերու ու ծագումնաբանութեան, գոյքային վիճակի, դատաւորի կարգավիճակի մէջ եւ նախորդ շրջանին ծաւալած գործունէութեան, անհատական եւ փրոֆեսիոնալ յատկանիշներու մասին:
- Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի որոշումներով հաստատուած՝ քաղաքացիներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով դատավճիռներու հեղինակ բոլոր դատաւորները պէտք է հրաժարական տան, հեռանան կամ հեռացուին պաշտօններէն:
- Բոլոր այն դատաւորները, ովքեր իրենց մէջ գիտեն, որ չեն կրնար ըլլալ անաչառ եւ առարկայական դատաւորներ, պէտք է հրաժարական տան՝ այդպիսով կարեւոր ծառայութիւն մատուցելով Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին:
- Հիմա արդէն անցումային արդարադատութեան գործելաձեւերու ներդրումը կենսական անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի Հանրապետութեան համար, եւ մենք պէտք է մէկ-երկու ամսուայ ընթացքին ամփոփենք վերջին եօթ-ութ ամիսներուն այս ուղղութեամբ մեր կատարած աշխատանքը։
- Ազգային ժողովի մէջ պէտք է տեղի ունենայ օրէնսդրական համապատասխան աշխատանք՝ մեր երկրի համար կենսական այս օրակարգը կեանքի կոչելու եւ Հայաստանի մէջ իրապէս, երաշխաւորուած անկախ դատական համակարգ ունենալու համար: Եթէ ասոր համար անհրաժեշտ ըլլայ իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւններ, մենք պէտք է երթանք նաեւ այդ քայլին, եթէ պէտք ըլլայ անիկա ընել համաժողովրդական հանրաքուէով, մենք պէտք է երթանք նաեւ նման լուծումներու:
«Այս ողջ աշխատանքը, ի դէպ, պէտք է տեղի ունենայ այս ոլորտի միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան, միջազգային լաւագոյն փորձի եւ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու շրջանակէն ներս։
Այս հարցով մենք պէտք է լայնօրէն համագործակցինք նաեւ հայաստանեան քաղաքացիական հասարակութեան, հասարակական կազմակերպութիւններու, փորձագիտական հանրութեան հետ:
Դատական իրապէս անկախ եւ անաչառ համակարգ ունենալը մեզի համար կենսական անհրաժեշտութիւն է, եւ նման համակարգի բացակայութիւնը մեր երկրի առջեւ ծառացած թիւ մէկ սպառնալիքն է, եւ այս խնդրի օր առաջ լուծումը՝ հանրային, համաժողովրդական պահանջ:
Այս է պատճառը, որ անհրաժեշտ համարեցի այս շեշտադրումներով հանդէս գալ, որովհետեւ իմ իրաւական եւ քաղաքական կարգավիճակի բերումով պարտաւոր եմ ամէն ինչ ընել, որպէսզի ժողովուրդի լաւագոյն ակնկալիքները կեանքի կոչուին, իրականութիւն դառնան, եւ այդ ամէնը տեղի ունենայ հնարաւորինս անցնցում»: