Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Յունաստան Թուրքիայէն Պահանջեց Դադրեցնել Ապօրինի Գործողութիւնները Կիպրոսի Տնտեսական Գօտիին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յունաստան դատապարտած Է Թուրքիոյ անօրինական գործողութիւնները Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիի մէջ եւ պահանջած Է դադրեցնել զանոնք: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես», յայտարարած Է Յունաստանի արտաքին գործերու նախարար Ճորճիոս Քաթրուկալոս Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ Հելսինկիի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք:

Աւելի վաղ Անգարան «Ֆաթիհ» նաւը ուղարկած է Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտի, ուր կազի հանքավայրեր յայտնաբերուած են: Թուրքիան կը գտնԷ, որ իրաւունք ունի տարածաշրջանի բնական հարստութիւններու նկատմամբ: «Ես ամենախիստ ձեւով յայտնեցի, որ մենք կը դատապարտենք Թուրքիոյ միակողմանի ապօրինի գործողութիւնները Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիի մէջ եւ կը պահանջենք դադրեցնել զանոնք»,-ըսած Է Քաթրուկալոս Անոր յայտարարութիւնը տարածած Է ԱԳ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Միեւնոյն ժամանակ մենք քննարկեցինք Էգէյեան ծովի մէջ լարուածութիւնը մեղմելու, մեր օդային տարածութեան խախտումները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը»,-աւելցուցած է ան, հաղորդեց ՌԻԱ Նովոսթին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին