ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան համահիմնադիր Արսինէ Շիրվանեանի հետ:
– Յարգելի՛ Արսինէ, կը խնդրեմ պատմել Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան (Melkonian Global Overture) մասին. ե՞րբ հիմնադրուած է եւ ի՞նչ է նախաձեռնութեան առաջնահերթութիւնը:
– Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւնը (Melkonian Global Overture) հիմնադրուած է 2017 թուականին: Նախաձեռնութեան նպատակն է նորացուած կենսագործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմական եւ հեղինակաւոր հաստատութիւններու ինքնակառավարման հաստատումը` վերանայելով իրենց գործառոյթները 21-րդ դարուն: Մենք հետաքրքրուած ենք կրթական հաստատութիւններով, առհասարակ:
Մենք կը հաւատանք, որ խելացի եւ համաշխարհայնացուած հայ երիտասարդները կրթելու ամենաուղիղ ճանապարհը` գործուն եւ ծաղկուն կրթական հաստատութիւններ ունենալն է: Մենք կը հաւատանք, որ ուժեղ եւ կենսունակ Սփիւռքն ուժեղ եւ բարգաւաճ Հայրենիքի գրաւականն է: Իսկ ո՞րն է այդ ամէնուն հասնելու աւելի լաւ ճանապարհը, ի հարկէ, հայ երիտասարդներու համար լաւագոյն ընդհանուր կրթութիւն ապահովելը:
Մենք կը ձգտինք գտնել նորարարական լուծումներ եւ անմիջապէս արձագանգել ներկայ մարտահրաւէրներուն` գործընթացին ներգրաւուելով եւ արտօնելով երիտասարդներու մասնակցութիւնը:
Մենք կ՚ուզենք ծանօթանալ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կրթական հաստատութիւններուն, որոնք կարիքը ունին կատարելագործման եւ աշխուժացման: Մենք կը ցանկանք ստեղծել համակարգուած ռազմավարութիւն, որուն միջոցով կը կարենանք նոր շունչ հաղորդել եւ վերականգնել անոնց ամբողջական գործառոյթն ու կայունութիւնը:
Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան մօտեցումն է` ծանօթանալ-ճանչնալ, վերանորոգել, վերականգնել:
–Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւնն իր ծրագիրները իրականացնելու ընթացքին որո՞ւ հետ կը գործակցի:
– Մենք դեռ երիտասարդ կազմակերպութիւն ենք, այդ պատճառով գործընկերային յարաբերութիւններու հաստատումը դեռ սաղմնային փուլի մէջ է:
Նախապէս համագործակցած ենք UCLA-ի, Կլենտէյլի միաւորուած շրջանի հանրային դպրոցներու, Առաջնորդարանին կից գործող Լոս Անճելըսի դպրոցներուն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ:
– Ձմեռը դուք նախաձեռնած էիք «Ապրող սփիւռք» ձեռնարկը, որ կը ներառէր հայերէնին նուիրուած հրապարակային քննարկում, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ եւ իւրայատուկ համերգային ծրագիր: Կը խնդրէի ներկայացնել մանրամասներ:
– Ձեռնարկին ընթացքին մենք վերստին հաւատացինք կրթուած եւ հզօր երիտասարդութեան, որ կը սիրէ հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ հայրենիքը:
Մենք միայն «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի 50-ամեակը չնշեցինք, այլեւ յաջողեցանք տարբեր աւագ դպրոցներու հարիւրաւոր աշակերտներու հնարաւորութիւն տալ մաս կազմելու հայոց լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան նուիրուած քննարկումներուն: Հրաւիրուած բանախօսներէն էին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:
Իսկ համերգային ծրագիրը երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տուաւ ծանօթանալու հայկական աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտութեան:
– Հետաքրքիր խորագիր է` Ապրող սփիւռք. Ձեր կարծիքով Սփիւռքին ապրեցնելու համար ի՞նչ անհրաժեշտ է:
– Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայկական սփիւռքի միայն 5 տոկոսը մաս կը կազմէ կամ ներգրաւուած է հայկական կազմակերպութիւններուն մէջ: Այս բոլորը ինծի խորհելու առիթ կու տայ. 95 տոկոսի մէջ ինչպէ՞ս «ներարկել» հայկական ոգի, ինքնութիւն, լեզու եւ մշակոյթ:
Ներկայ ղեկավարներն առաջ կը տանին այն կարծիքը, թէ հայկական դպրոցները կը փակուին Սփիւռքի արդի եւ համընդհանուր կարիքներու պատճառով: Այնուամենայնիւ, մենք կը հաւատանք, որ պէտք է գտնել նոր ճանապարհներ, որոնց միջոցով երիտասարդներուն մէջ սէր կ’արթնցնենք հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան հանդէպ:
Մենք կարիքը ունինք օգնելու հայ երիտասարդներուն` 21-րդ դարու չափանիշներուն համահունչ` գտնելու իրենց երիտասարդութիւնը, ծաղկուն, երջանիկ եւ խելացի հայկական ինքնութիւնը:
– Ի՞նչ ծրագիրներ կը նախատեսէք իրականացնել Հայաստանի մէջ:
– Այս պահուն մենք կ՚աշխատինք նախաձեռնել խորհրդաժողով, որուն ընթացքին պիտի քննարկենք այն մեթոտները, որոնց օգնութեամբ մենք պիտի կարենանք երիտասարդներուն մէջ սէր արթնցնել հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան հանդէպ:
Մենք պիտի քննարկենք այն ուղիները, որոնց միջոցով կ’օգնենք հայ երիտասարդներուն` 21-րդ դարու չափանիշներուն համահունչ` գտնելու իրենց երիտասարդութիւնը, ծաղկուն, երջանիկ եւ խելացի հայկական ինքնութիւնը:
Մենք պիտի համագործակցինք Երեւանի համալսարանի ուսանողներու եւ գիտնականներու հետ` քննարկելու եւ ուսումնասիրելու աշխարհով մէկ սփռուած հայկական դպրոցներու մեթոտները եւ ծրագիրները:
Մենք կը ցանկանք ներկայացնել դպրոցներու օրինակներ, որոնք կը վերակենդանացնեն հայկական կրթօճախները եւ կ’օգնեն անոնց շարունակելու իրենց անգնահատելի աշխատանքը:
– Եւ վերջին հարցը. Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը թէեւ այսօր իր գործունէութիւնը չի շարունակեր, սակայն, գիտեմ, որ մելգոնեանցի բազմաթիւ սերունդներ կը շարունակեն կրթօճախն ապրեցնել իրենց հոգիներուն մէջ: Դուք ի՞նչ կ՚ապրեցնէք Ձեր հոգիին մէջ:
– Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը շատ խոր արմատներ ձգած է, եւ անոր նշանակութիւնը կարելի է նոյնականացնել Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Եթէ մեր յիշողութենէն ջնջենք «Մելգոնեան»-ը, մեր յիշողութենէն կը ջնջենք նաեւ հայոց պատմութիւնը:
Այս խնդիրը միայն կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներուն չի վերաբերիր. սա հարց է, որ կը վերաբերի հայ ազգին եւ Հայաստանի կառավարութեան:
Կը կարծեմ` Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը կրնայ միջազգային դպրոցի օրինակ ծառայել` ըլլալով գերազանց կրթութեան խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ օրինակ, թէ մենք ինչպէս կը յարգենք եւ կը պահպանենք մեր աւանդոյթները, որոնք մեզի փոխանցած են առատաձեռն բարերարները:
Խօսքերս կ՚ուզեմ եզրափակել հետեւեալ զգացական տողերով.
Մելգոնեան կրթական հաստատութեան զարմանահրաշ կառոյցները 1,000 ոտնաչափ խորութիւն ունին, անոր արմատները կը տարածուին աւելի լայն ու աւելի խոր, քան որեւէ ծառ:
Իսկ անոր ստորին հատուածը կ՚արտացոլէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յաւերժական դէմքերը:
Այդ կառոյցները կը պատմեն
Տառապանք եւ հրճուանք,
Վախ, բայց նաեւ յոյս,
Անարդարութիւն, բայց նաեւ արդար խաղ:
Անապատին մէջ թափառող որբերէն մէկուն պատմութիւնը, որ հորիզոնին կը տեսնէ Աւետեաց երկրի աղօտ լոյսը:
Մենք պէտք չէ՛ հեռու փախչինք իրականութենէն:
Մենք պէտք է ընդունինք այն:
Պէ՛տք է վերահաստատենք մեր բարերարներուն տուած խոստումը:
Քանի որ այս կառոյցները եւ Սփիւռքի բոլոր զարմանահրաշ գանձերը,
Մեզ աւելի ամո՛ւր կը դարձնեն:
Ան կը մարմնաւորէ մեզ:
Ան պէտք է ամրացնէ՛ մեզ:
Ան կը պատմէ հայրենասէրներու բազում պատմութիւններ:
Ան հայրենասիրութեան վառ օրինակ մըն է` հասկնալու, թէ ուր եղած ենք մենք:
Փոքրոգութիւն է, այդ ամէնը մոռնալը:
Զրուցեց՝
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ