ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Քոյրերու Վարժարանի 34 տարիներու փառաւոր երթը գեղեցկօրէն տօնուեցաւ Կլենտէյլի «Իմփրէշըն» սրահէն ներս մեծ ճաշկերոյթ հանդիսութեամբ մը:
Երեկոյթը կը վայելէր Հայ Կաթողիկէ Ամերիկայի եւ Քանատայի համայնքի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանի օրհնաբեր ներկայութիւնը. ներկայ էր նաեւ Հայ Կաթողիկէ Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Արմենակ Պետրոսեան, վարժարանիս տնօրէնուհի առաքինազարդ Քոյր Լուսիա, նաեւ քոյրեր Ակուլինէ Թերզեան եւ Յովաննա Արոյեան, պետական յարգելի անձնաւորութիւններ, ծնողներ, շրջանաւարտ ծնողներ, բարերարներ, հիւրեր, ուսուցչական կազմ եւ շրջանաւարտ ու ներկայ աշակերտներ:
Երեկոյթը ունէր յատուկ կազմակերպիչ յանձնախումբ մը բաղկացած ծնողներէ, անձնակազմի անդամներէ, որոնք գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի, իրենց կարելին չզլացան կազմակերպելու եւ իրագործելու կատարեալ եւ անթերի եւ գեղեցիկ հաւաքոյթ մը:
Վարժարանի անձնակազմէն Արմինէ Շէրիկեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանը իր սրտի խօսքը տալու։ Գերապայծառը իր հայրական յորդորներով ու բարեմաղթութեամբ բարի երթ մաղթեց 34-ամեայ երիտասարդ Հայ Քոյրերու վարժարանին, շնորհակալութեան եւ քաջալերական խօսք ուղղեց ծնողներուն, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, ապա ներկաները յոտնկայս միացան առաջնորդին կողմէ սեղաններու օրհնութեան եւ խմբային տէրունական աղօթքով ճաշկերոյթը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ:
Յաջորդաբար խօսք առին տնօրէնուհի քոյր Լուսիա, Կլենտէյլ քաղաքի Քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետ՝ Արա նաճարեանը փոխարինեց եղբայրը՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Նաճարեան (Տնօրէնուհիին ներկայացուց նաեւ քաղաքապետարանին կողմէ վարժարանիս ներկայացուած գնահատագիրը, որուն մէջ ուշագրաւ էր նշումը, թէ՝ Մայիս 4-ը կը նշանակուի որպէս՝ «Հայ Քոյրերու վարժարանի օր») եւ Վարժարանիս խորհրդատու մարմնի ատենապետ՝ Ալեք Բագարեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ուսուցչական կազմին, ամփոփ տեղակագիր մը ներկայացուց վարժարանէն ներս տեղի ունեցող շինարարական եւ ապահովական բոլոր իրագործումներու եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին։
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին ներկաները ոգեւորեց տիճէյ «Յագոբը» որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներու մօտ զանոնք հրաւիրելով բեմահարթակ։
Գոհունակութիւնը ամենուր էր. բոլորը ուրախ էին, ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուած էր, նպատակը՝ որպէս Հայ Քոյրերու վարժարանի մեծ ընտանիք միասնութիւնն էր հաւաքական երթին ու յաղթանակին տօնակատարութիւնն էր, որուն զուգահեռ նաեւ տնտեսապէս նեցուկ կանգնիլն էր այս հայ կրթօճախին որ 34-ամեայ լուռ եւ հաւատաւոր երթով իր ներդրումը ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գաղութէն ներս:
(Յապաւումներով)