Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Թրամփ Չեղարկեց Թուրքիոյ Հետ Առեւտուրի Արտօնեալ Ռեժիմը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփը Մայիս 17-էն չեղեալ յայտարարած է Թուրքիոյ հետ առեւտուրի արտօնեալ ռեժիմը՝ զայն հանելով զարգացող երկիրներու՝ այսպէս կոչուած ներմուծման համար արտօնութիւններու ծրագրի շահառուներու ցուցակէն, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»:

«Ես եկայ այն եզրակացութեան, որ, նկատի առնելով տնտեսական զարգացման անոր (Թուրքիոյ) մակարդակը, նպատակայամար կ’ըլլայ 2019 թուականի Մայիս 17-էն չեղեալ յայտարարել Թուրքիոյ նշումը որպէս զարգացող երկիր – շահառու»,- ըսուած Է ԱՄՆ-ի նախագահի յայտարարութեան մէջ: Անոր համապատասխան Ուաշինկթըն կը դադրեցնԷ առեւտուրի յատուկ արտօնեալ ռեժիմը Անգարայի հետ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած Է, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը իր որոշման մասին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ծանուցած Է նախապէս՝ Մարտ 4-ին:

Աւելի վաղ ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները յայտնած են, որ կը վերանային Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ներմուծման համար արտօնութիւններու ծրագրին, քանի որ անհանգստացած են Անգարայի կողմէն անկէ օգտուելու չափանիշներու պահպանումէն: Նաեւ, նշուած Է, որ Թուրքիան ԱՄՆ-էն ապրանքներու ներմուծման 1,78 միլիառ տոլարի չափով լրացուցիչ մաքսեր սահմանած է, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին