Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Գործազրկութեան Մակարդակի Նուազեցման Ծրագիր Մշակած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ կառավարութեան միջգերատեսչական յանձնաժողովը Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակի նուազեցման ծրագիր է մշակած է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կառավարութեան Մայիս 16-ի նիստին, յայտնած է ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան` նշելով, որ 2018թ. վերջի դրութեամբ գործազրկութիւնը ՀՀ-ի մէջ կը կազմէ մօտ 20%:

«Միջգերատեսչական մեր յանձնաժողովը մշակած է ծրագիր մը, որ յենուած է երեք հիմնասիւներու վրայ: Առաջինը մարդկային կատարեալ զարգացումն է, երկրորդը` զբաղուածութեան խթանումը, երրորդը տարրական բարեփոխումներն են: Այս երեք ուղղութիւններով ալ շատ յստակ թիրախներ եւ ժամանակացոյց պիտի սահմանուի»,- ըսած է Աւինեան:

Փոխվարչապետը գլխադասային նախարարութիւններու ղեկավարներէն խնդրած է թիրախներն ու ժամանակացոյցը սահմանել մինչեւ Յունիս 15:

«Ձեռնարկները ամբողջութեամբ պատրաստ են: Մնացած է է սահմանել յստակ թիրախները, այսինքն` յստակ թուային այն արդիւնքները, որոնք կ՝ակնկալուին ամէն ձեռնարկէ, եւ այն ժամանակացոյցը, որմով մենք պիտի ընթանանք»,- նշած է  փոխվարչապետը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին