Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Հայաստանի ու Ղազախստանի Յարաբերութիւնները Բարեկամութեան ու Համագործակցութեան Վառ Օրինակ են. Հանդիպած են Նախագահներ Սագսեան եւ Թոքաեւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Աշխատանքային այցով Ղազախստանի Հանրապետութիւն գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սագսեան  հանդիպում ունեցած է նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւի հետ:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին՝ իր հրաւէրը ընդունելու եւ մասնակցելու համար տնտեսական 12-րդ ամենամեայ համաժողովին, որ այս տարի կ’իրականացուի «Ոգեշնչող աճ. մարդիկ, քաղաքներ, տնտեսութիւններ» խորագրի ներքոյ: 

«Ձեր մասնակցութիւնը, անկասկած, աւելի նշանակալի կը դարձնէ տնտեսական համաժողովը: Մեր երկիրները ունին բարեկամական եւ գործընկերային փոխյարաբերութիւններ, եւ այդ համագործակցութեան ակունքներուն մէջ մեր առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւն է: Ան մշտապէս մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէր Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան զարգացման, եւ այսօր կրնանք վստահօրէն ըսել, որ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ հիմքերու վրայ են: Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային այնպիսի կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ը եւ ՀԱՊԿ-ն»,-նշած է Ղազախստանի նախագահը:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է համաժողովին մասնակցելու հրաւէրի համար եւ նշած, որ ուրախ է գտնուելու բարեկամ Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանի մէջ, որ արդէն կը կրէ առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի անունը, որ նշանակալի աւանդ ունի ինչպէս իր երկրի, այնպէս ալ հայ-ղազախական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: 

«Մեր երկու ժողովուրդները կը շփուին դարերէ ի վեր: Մեր պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները պատմականօրէն խոր արմատներ ունին, եւ բարեկամութեան ու համագործակցութեան վառ օրինակ են: Մենք 21-րդ դարն ենք, որ էականօրէն պիտի տարբերի 20-րդ դարէն: Եւ այս առումով կը կարծեմ, որ Հայաստանի ու Ղազախստանի միջեւ գործակցութիւնը կրնայ աւելի հեռուն երթալ թէ՛ տնտեսութեան ոլորտի մէջ՝ ներառելով նոր գիտարուեստները, թէ՛ մշակոյթի ոլորտէն ներս»,-ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:

Հայաստանի եւ Ղազախստանի նախագահները անդրադարձած են երկու երկիրներու միջեւ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ՀԱՊԿ շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հարցերուն: Կողմերը կարեւորած են առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու ծիրէն ներս գործակցութեան խորացումը։

Նախագահները առանձնայատուկ ընդգծած են Ղազախստանի հայ համայնքի դերը՝ երկու երկիրներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանման ու զարգացման տեսանկիւնէն: Նախագահ Թոքաեւ ջերմութեամբ  խօսած է հայ համայնքի մասին՝ նշելով, որ անոնք Ղազախստանի արժանի քաղաքացիներ են եւ իրենց ներդրումը ունին երկրի սոցիալ-տնտեսական զարգացման գործին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին