«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Այսօր կը սպասուի տաք եղանակ, սակայն շաբաթավերջին ջերմաստիճանը համեմատաբար պիտի նուազի։ Այս մասին կը հաղորդէ The Daily Star-ը։
Ըստ օդերեւութաբաններու կանխատեսման՝ ջերմաստիճանը, այսօր, Զահլէի մէջ կը հատէ 37 աստիճանի սահմանները, 32 աստիճան Պէյրութի եւ 34 աստիճան Մարժաայունի մէջ։
Գիշերուան ժամերուն, սակայն, կ’ակնկալուի քամիի ուժգնացում եւ բարձր տարածքներու մէջ մշուշ, որուն շնորհիւ, Շաբաթ առաւօտեան ջերմաստիճանը զգալիօրէն կը նուազի։
Շաբաթ օր ջերմաստիճանը կ’իջնէ եղանակի բնական սահմանէն ցած՝ 27.3 աստիճան, Պէյրութի մէջ հասնելով 26-ի իսկ Պեքայի հովիտին մէջ 24-ի։