«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը իր մեքենայով՝ պապամոպիլով Սուրբ Պետրոսի հրապարակով շրջած է վերջերս Իտալիա ժամանած փախստական երեխաներու հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Վատիկանի մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ երեխաները տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ են եւ ներկայիս ընտանիքներու հետ կը բնակին Իտալիոյ Լացիօ մարզի մէջ:
Նշենք, որ ասիկա պապամոպիլով երեխաներու շրջագայութեան առաջին դէպքը չէ: