Իր կողմէ ազնիւ նախաձեռնութեամբ մը եւ լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ տարրերուն հետ իր մօտէն ծանօթացման ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի 15 Մայիս 2019ի երեկոյեան ժամը 6ին ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբեկեան այցելեց Թէքէեան Կեդրոն, հիւրը հանդիսանալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան: Վսեմաշուք Պրն. Դեսպանին կ՛ընկերանար ՀՀ Դեսպանութեան Գ. Քարտուղար Պրն. Դաւիթ Ալավերտեան:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան յարգելի հիւրին ներկայացուց հանդիպման ներկայ՝ ՌԱԿի եւ ԹՄՄի միաւորներու ներկայացուցիչները: ՌԱԿի կողմէ ներկայ էին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան, Ճէքի Տէրվիշեան, Սեդրակ Քիւրէճեան, Արա Գոյունեան եւ Վահէ Արթինեան: ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: ԹՄՄ Տեղական Վարչութեան կողմէ ներկայ էին ընկերներ՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան, Կարօ Գինոյեան, Վաչէ Տօներեան եւ Պրն. Գէորգ Խաչիկեան: Ճամբորդութեան պատճառով հանդիպումէն ակամայ կը բացակայէր ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման մը ընթացքին քննարկուեցան ներկաները յուզող հարցեր: Ներկաները յարգելի Պրն. Դեսպանէն լսեցին իր շահեկան զեկոյցը շատ մը հարցերու նկատմամբ իր հայեցակէտին եւ ըմբռնումներուն մասին: Պրն. Դեսպանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ ընդհանրապէս ՌԱԿի եւ մասնաւորաբար անոր Լիբանանի շրջանակի պատմութեան եւ հայրենիքի հետ անոր սերտ գործակցութեան մասին: Բարձր գնահատելով ՌԱԿի Լիբանանի օրկան «Զարթօնք» օրաթերթը, յարգելի Պրն. Դեսպանը ըրաւ անոր հետ կապուած շատ շինիչ եւ դրական առաջարկներ:
Ներկայ ընկերները առիթը ունեցան յարգելի Պրն. Դեսպանին ուղղել իրենց հարցումները, որոնց Պրն. Աթաբեկեան համբերութեամբ պատասխանեց կարեւոր լուսաբանութիւններ ընելով:
Աւարտին ընկ. Յակոբեան բոլորին անունով Պրն. Դեսպանին եւ իրեն ընկերակցող հիւրին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ անոր նուիրեց ընդամէնը քանի մը օր առաջ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած շնորհանդէսի հատորը՝ «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» վերնագրով, որ այս առիթով յատուկ կերպով մակագրուած էր հանգուցեալ Մեթրին տիկնոջ՝ Տիկ. Մարլէն Սեդրակեանի կողմէ: