«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան պաշտօնապէս բողոք ներկայացուցած է երկրի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բարձրագոյն խորհուրդ՝ թրքական հեռատեսիլի եթերով հայ անչափահաս երեխան կրօնափոխ ընելու դէպքի առնչութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով Փայլանի գրասենեակը:
Մայիս 11-ին թրքական ATV հեռատեսիլի ընկերութեան «Իֆթար Նիհաթ Հաթիփօղլուի հետ» հաղորդման ծիրէն ներս հաղորդավարը 13-ամեայ հայ քրիստոնեայ երեխայ հիւրընկալած էր՝ առանց ընտանիքի թոյլտւութեան, եւ զինք կրօնափոխ ըրած էր:
Փայլան յայտնած է, թէ երեխայի ծնողը տեղեակ չէ եղած, որ տղան կը մասնակցի հաղորդման, առաւել եւս, որ կրօնափոխ պիտի ըլլայ, ուստի չէր կրնար իր հաւանութիւնը տալ: Պատգամաւորը դիմումի մէջ նշած է, որ այդպիսով խախտուած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հռչակագիրը, զոր ստորագրած է նաեւ Թուրքիան:
«Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման ընթացքին տեղի ունեցածը ուղղակի մանկական շահագործում է: Հաղորդման ընթացքին 13-ամեայ երեխայի իրաւունքները ոտնահարուած են, եւ ան իր ազգային ինքնութեան ու կրօնական հաւատալիքի բերմամբ շահագործման ենթարկուած է»,- ըսուած դիմումի մէջ: