Էսքիշեհիրի Սիւրիհիսար գաւառին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին վերջերս բազմաթիւ այցելուներ սկսած է ունենալու, կը հաղորդէ “Ակունք”-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Սապահ» թերթը:
Աղբիւրին համաձայն՝ եկեղեցին կառուցուած է 1650-ին, իսկ 1876-ին վնասուած է հրդեհի մը պատճառով:
Եկեղեցին վերանորոգուած է 1881-ին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի օրօք, ճարտարապետ Մինթես Փանոյաթի կողմէ:
Տաշուած կարմիր քարերէ պատրաստուած սոյն եկեղեցին կը կրէ նաեւ «Քըզըլ քիլիսէ» (Կարմիր եկեղեցի) անունը: Անիկա կը համարուի տուեալ տարածաշրջանի երրորդ ամենամեծ եկեղեցին: