Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Պրիւքսէլի Մէջ Կարճատեւ հանդիպում Ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պրիւքսելի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին նուիրուած նախարարական հանդիպման ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի կարճատեւ հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

«Կայացաւ կարճ հանդիպում գագաթնաժողովի ծիրէն ներս: Նախարարները իրարու ձեռք սեղմեցին: Հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւններու պաշտօնական բանակցութիւններ ծրագրուած չեն»,- ըսաւ Նաղտալեան:

Պրիւքսել կը գտնուի նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ՀՀ վարչապետը Եւրոպական խորհուրդի շէնքին մէջ պիտի մասնակցի Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին, որ պիտի տրուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալդ Թուսքի անունէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին