«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրանը ԱՄՆ-ին սպառնացած է «գլխէն հարուած հասցընել», եթէ Ուաշինկթընը յստակ ուժային գործողութիւններ ձեռնարկէ: Այս մասին յայտարարած է Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահակախումբ»ի գօրավար Ամիր Ալի Հաճիզատէն:
«Եթէ ամերիկացիները ընեն իրենց քայլը, մենք գլխէն կը հարուածենք անոնց», – ըսած է հրամանատարը: Ան նշած է, որ ամերիկեան ռազմական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնէր, սակայն հիմա, ըստ Հաճիզատէի, «սպառնալիքը վերածուած է հնարաւորութեան»:
ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի ափերու մօտ կ’ուղարկէ «Աբրահամ Լինքոլն» հարուածային օդանաւակիր նաւերու եւ ռմբակոծիչներու խումբը: